2012-09-16 17:07:29

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կ՜այցելէ Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքութիւնը։


Կիրակի 16 սեպտեմբերի յետ միջօրէին Սրբազան քահանայապետը հրաժեշտ
առաւ Պապական Նուիրապետութենէն եւ քահանայապետական յատուկ իքնաշարժով ուղղուեցաւ Շարֆէի Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքարան ուր նախագահեց համամիութեանական միջեկեղեցական հանդիպում մը մասնակցութեամբ քոյր օրթոտոքս եկեղեցիներու ներկայացուցիչներուն որոնց Նորին Սրբութիւնը յանձնեց առաքելական յորդորագիրի օրինակ մը։

Շարֆէի Պատրաիարքարանի մուտքին Սրբազան Հայրը դիմաւորեցին Ասորի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Պատրիարք գերերջանիկ Իգնատիոս Գ Եունան ու Շարֆէի դպրեվանքի մեծաւորը։ Համամիութեանական միջեկեղեցական հանդիպումի ընթացքին սրբազան հայրը առիթ ունեցաւ մի առ մի բարեւելու ներկայ պատուիրակութիւնը ու ծանօթանալու անոնց։ Հանդիպման աւարտին Սրբազան Հայրը հրաժշտ առնելով ուղղուեցաւ դէպի Պէյրութի Ռաֆիք Հարիրի օդակայան ուր տեղի ունեցաւ հրաժեշտի պաշտօնական արարողութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.