2012-09-15 19:51:42

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Հանդիպումը Միջին Արեւելքի Երիտասարդներուն Հետ։


Պքերքէ, Լիբանան
Շաբաթ 15 սեպտեմբերի երեկոյեան, Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Պքէրքէի Մարոնի Պատրիարքարանի հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ աւելի քան 26 հազար երիտասարդներուն հետ, որոնք ժամանած էին լիբանանի զանազան վայրերէն ու միջին արեւելքի զանազան երկիրներէն։ Անոնց շարքին կային նաեւ խումբ մը լիբանանահայ երիտասարդներ, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս առթիւ կազմակերպուած արարողութեան։
Երիտասարդներուն ուղղած իր պատգամին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատեց «ժամը հասած է որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները միանան ու վերջ դնեն բռնութիւններուն։
Խօսքը ուղղելով Քրիստոնեայ երիտասարդներուն, Սրբազան Քահանայապետը յորոդորեց զանոնք ըլլալու հիւրնկալ ու բաց Քրիստոսի նման: Իսկ մահմետական երիտասարդներուն ըսաւ «քրիստոնեայ երիտասարդներուն հետ միասին, դուք ձեր երկրին ապագան կը ներկայացնէք։ Ջանացէ՛ք միասնաբար կերտել զայն - ու շարունակեց - երբ մեծնաք շարունակեցէ՛ք քրիստոնեաներուն հետ ապրիլ համերաշխութեամբ» ։
Անհրաժեշտ է, որ համայն Միջին Արեւելքը ձեզ տեսնելով հասկնայ թէ քրիստոնեաները եւ իսլամները, քրիստոնէութիւնն ու իսլամութիւնը, կարող են միասին ապրելու, առանց ատելութեան, յարգելով մէկը միւսին հաւատքը, միասնաբար կերտելու համար ազատ ու մարդկային ընկերութիւն մը։
Նորին Սրբութիւնը ապա խօսքը ուղղեց Սուրիայէն ժամանած երիտասարդներուն, իր հմայքը յայտնելով անոնց ցուցաբերած քաջութեան վրայ։ «Ձեր ընտանեկան պարագաներուն ու ձեր բարեկամներուն ըսէ՛ք, որ Սրբազան Քահանայապետը ձեզ չի մոռնար։ Անոնց ըսէ՛ք նաեւ, որ Սրբազան Քահանայապետը տխուր է ձեր ու միւս բոլորին տարապարգներուն ի տես։
Հուսկ կոչ ուղղեց հաստատելով. «ժամը հասած է, որ քրիստոնեաներն ու մահմետականները միանան ու վերջ դնեն բռնութիւններուն ու պատերազմներուն։ Եկեղեցին ձեր վրայ մեծ յոյսեր ունի ու ձեր վրայ կը վստահի» ըսաւ ան։
Հանդիպումին փակման սրբազան քահանայապետը հանդիպեցաւ ունեցաւ պատրիարքարանէն ներս կաթողիկէ պատրիարքներուն հետ:








All the contents on this site are copyrighted ©.