2012-09-15 15:39:21

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետին Առաքելական Ճամբորդութիւնը Լիբանան։


Հաշտութեան, եղբայրակցութեան ու խաղաղութեան պատգամաբերը։
Շաբաթ 15 Սեպտեմբերի՝ առաւօտեան ժամը 10-ին Սրբազան Քահանայապետը հասաւ նախագահական պալատը, ուր առանձնաբար տեսակցութիւն ունեցաւ նախ Լիբանանի հանրապետութեան նախագահ՝ Միշէլ Սուլէյմանի հետ ապա Ազգային ժողովի նախագահ՝ Նապիհ Պըրրիի եւ նախարարապետ՝ Նաժիպ Միքաթիի հետ։
Ժամը 10.50-ին Նորին Սրբութիւնը խօսակցութիւն ունեցաւ Լիբանանի իսլամ` (սիւննիթ, շիիթ եւ ալաուիթ) երեք կրօնապետերու հետ եւ տիւրզի պատուիրակութեան մը հետ։
Այս հանդիպումէն անմիջապէս ետք Նորին Սրբութիւնը հանրապետութեան նախագահին հետ միասին Լիբանանու Մայրիի ծառ մը տնկեց նախագահական պալատի այգիին մէջ։
Խօսքը ուղղելով քաղաքական, դիւանագիտական, կրօնական ու մշակութային ներկայացուցիչներու առջեւ, նախագահական պալատի դահլիճին մէջ, Նորին Սրբութիւնը իր ճառը սկսաւ արաբերէնով, մէջբերելով Յիսոսի ողջոյնը ''Սալամի ա'ա դիքոմ ` «Salàmi ō-tīkum» (Յովհ.14,27) իմ խաղաղութիւնս կու տամ ձեզի։
Նորին Սրբութիւնը, իր միակ քաղաքական ճառին մէջ, կը խնդրէ Աստուծոյ օրհնութիւնը Լիբանանի ու համայն շրջանի հողամասին վրայ, որ եղած է օրրանը մեծ կրօններու ու մշակոյթներու։
Ապա Սրբազան Քահանայապետը հարցադրեց թէ ի՞նչու Աստուած ընտրեց այնքան տառապալից աշխարհամաս մը։ Ինծի կը թուի,(կը պատասխանէ) որ Աստուած ընտրեց որպէզի վկայութիւն տայ աշխարհին, քանի որ ամէն մարդ կարիքը ունի ապրելու ճշմարիտ խաղաղութեան ու համերաշխութեան մէջ։
Աստուած մարդու սրտին մէջ դրոշմած է բաղձանքը խաղաղութեան մէջ ապրելու։
Նորին Սրբութիւնը ընդգծեց որ ՜՜երկրի մը հարստութիւնը հիմնուած է ամէնէն առաջ իր բոլոր բնակիչներուն վրայ եւ անոր ապագան կախում ունի իր անդամներու յանձնառումէն ու միութենէն՝՝՝ ։
Միութիւն չի նշանակեր միաձեւութիւն։
Ընկերութեան մը միաւորումը կ'իրագործուի երբ մշտատեւ ապահուած է անհատին արժանաւորութիւնն ու բոլորին մասնակցութիւնը, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան չափով։ Մարդու արժանաւորութիւնը անբաժան է Աստուծմէ տրուած կեանքի նուիրականութենէն։ Աստուծոյ ծրագրին համաձայն ամէն անհատ եզակի է ու անփոխառինելի։
Անհատը աշխարհ կու գայ ընտանիքին մէջ, որ առաջին վայրն է իր մարդկայնութեան ու խաղաղութեան դաստիարակութեան, առանց որու կարելի չէ կերտել խաղաղութիւնը։
Ուստի Սրբազան Հայրը կ'ընդգծէ հարկաւորութիւնը պաշտպանելու՝ ՜՜ ընտանիքը՝՝, որպէսզի ան ալ իր կարգին պաշտպանէ ՜՜ընկերութիւնը՝՝։
Ներկայ տնտեսական աշխարհը կ'ուզէ մեզի պարտադրել իր տեսութիւնը կարեւորելով ՜՜ունենալը՝ ըլլալու՝՝ հաշւոյն։
Ուստի հարկաւոր է աշխատիլ ընկերութեան ներդաշնակութեան ու զօրակցութեան ի խնդիր։ Զօրակցութիւն ամէն նախաձեռնութեան որ կը սատարէ միացնելու ժողովուրդները պարկեշտ ու արդար ձեւով։
Սրբազան Քահանայապետը շեշտեց հարկաւորութիւնը համակեցութեան, հիմնուած՝ փոխադարձ վստահութեան վրայ։
Հակառակ մշակութային, ընկերային, կրօնական տարբերութիւններուն, հարկաւոր է զարգացնել եղբայրակցութիւնը ընկերութեան մէջ։
Այս է ուղղեցոյցը որմէ պէտք է ներշնչուի տեղական ու համաշխարհային ամէն քաղաքական ու տնտեսական նախձեռնութիւն։
Հուսկ Սրբազան Քահանայապետը ընդգծեց հարկաւորութիւնը խաղաղութեան դաստիարակութեան. նման դաստիարակութիւն մը կը պահանջէ մերժումը բռնութեան, ըլլայ անիկա բանաւոր թէ ֆիզիքական։ Կը պահանջէ ուշադրութիւն մարդկային արժանաւորութեան ստեղծելու փոխադարձ յարգանքի ու հաշտութեան միջավայր մը։
Դաստիարակութիւնը ըլլայ տան մէջ եւ ըլլայ դպրոցի մէջ, պէտք է կարեւորէ խաղաղութեան ու հասարակաց բարիքի արժէքները։
Նորին Սրբութիւնը իր խօսքը եզրափակեց ըսելով որ ՜՜Լիբանանը կանչուած է ըլլալու դրացի երկիրներու բարի օրինակը՝՝։ Կը հրաւիրեմ ձեզ՝ Լիբանանի քաղաքական անձնաւորութիւններ, դիւանագէտներ, հոգեւորականներ եւ մշակոյթի այրեր ու կիներ, որ արիութեամբ վկայութիւնը տաք ձեր շրջապատէն ներս. որ ՜՜Աստուած կ'ուզէ խաղաղութիւնը, Աստուած մեզի վստահած է խաղաղութիւնը՝՝։ «Salàmi ō-tīkum» (Յովհ.14,27) իմ խաղաղութիւնս ձեզի կու տամ՝՝ Եզրափակեց Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետը։

Կէսօրին, Նորին Սրբութիւնը պատմական այցելութիւն մը կատարեց Զմմառու Աստուածամօր Վերափոխման վանքին, հիւրընկալութեամբ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամեն. Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին եւ Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ` հայր Գաբրիէլ թ.ծ.վ. Մուրատեանի:
Սրբազան Քահանայապետը Զմմառու վանքը ժամանեց ընկերակցութեամբ Միջին Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու եւ Պապին ընկերակցող պատուիրակութեան անդամներուն, հայ կաթողիկէ նուիրապետական եւ կղերական դասի ներկայացուցիչներուն եւ հաւատացեալներուն։
Նորին Սրբութիւնը օրհնեց հայ տպագրութեան առաջին մատեանին՝ Ուրբաթագիրքին տպագրիչ հրատարակիչ Յակոբ Մեղապարտի նորակերտ արձանը, որ կառուցուեցաւ հայկական տպագրութեան երախայրիքին 500-ամեայ յոբելեանին առիթով:
«Յակոբ Մեղապարտի» անդրիին քանդակագործն է լիբանանահայ Ռաֆֆի Ետալեան, իսկ մեկենասներն են ամերիկահայ Լուի եւ Ուիլիըմ Աբիկեան եղբայրները:
Արարողութեան աւարտին, Սրբազան Քահանայապետը, եւ անոր ընկերակցող պատուիրակութիւնը, հիւրը եղան Միաբանութեան վարչութեան կողմէ սարքուած ագապին, որ տեղի ունեցաւ « Սուրբ Միքայէլ» ընծայարանի ճաշասրահին մէջ, որուն ընթացքին, բարիգալուստի ողջոյնի խօսքը ուղղեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը: Հանդիպումը փակուեցաւ Սրբազան Քահանայապետին պատգամով եւ օրհնութեամբ:
Իսկ երեկոյեան Սրբազան Քահանայապետը Պքերքէի մէջ, Մարոնիներու պատրիարքութեան հրապարակը հանիպում կ'ունենայ երիտասարդներուն հետ։ Այս առթիւ Տառապող եկեղեցի բարեսիրական մարմնի կողմէ երիտասարդներուն կը բաշխուի կաթողիկէ եկեղեցւոյ արաբերէն կրօնագիրքը, որ յատուկ կերպով պատրաստուած է երիտասարդներուն համար ։








All the contents on this site are copyrighted ©.