2012-09-15 11:00:00

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Զմմառու Վանքին մէջ արտասանած խօսքը։


Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Պատրիարքներ,

Սիրելի եղբայրներ եպիսկոպոսութեան եւ քահանայութեան մէջ,

Սիրելի անդամներ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու յատուկ Սիւնհոդոսի խորհուրդին եւ Հայ Կաթողիկէ Սիւնհոդոսական Հայրերուն,

Սիրելի ժառանգաւորներ, եղբայրներ եւ քոյրեր ի Քրիստոս,

    Իմ խորին երախտագիտութիւնս կը յայտնեմ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ներսէս Պետրոս ԺԹ. Կաթողիկոս Պատրիարքին իր հրաւէրին համար եւ իր խօսքերուն, զորս ուղղեց ինծի, ինչպէս նաեւ այս տան մեծաւորին հանդէպ: Սրտանց կ՛ողջունեմ բոլոր հրաւիրեալները:

Աստուածային նախախնամութիւնը արտօնեց որ մեր հանդիպումը կայանայ Զմմառու Վանքին մէջ, այնքան խորհրդանշական Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ համար: Յակոբ վանականը, կոչուած ՄԵՂԱՊԱՐՏ, մեզի համար օրինակ է աղօթքի, ձերբազատութեան նիւթական արժէքներէ, եւ հաւատարմութեան հանդէպ Քրիստոս Փրկիչի:

500 տարիներ առաջ, ան նախաձեռնեց Ուրբաթագիրքի տպագրութիւնը, կամուրջ մը ստեղծելով արեւելքի եւ արեւմուտքի քրիստոնեաներուն միջեւ: Անոր դպրոցէն կրնանք սորվիլ առաքելութեան իմաստը, ճշմարտութեան քաջութիւնը եւ եղբայրութեան արժէքը միասնականութեան մէջ: Մինչ մենք կը վերակազդուրուինք այս ճաշով՝ սիրով պատրաստուած եւ առատաձեռնութեամբ նուիրուած, Յակոբ վանականը մեզի կը յիշեցնէ նաեւ թէ հոգեւոր ծարաւը եւ յաւիտենականութեան որոնումը պէտք է միշտ ապռին մեր սրտերուն մէջ: Որովհետեւ «Մարդ ոչ թէ միայն հացով կ՛ապրի, այլ նաեւ ամէն խօսքով որ կ՛ելլէ Աստուծոյ բերնէն» (մատթ. 4,4):

    Սիրելի բարեկամներ, բարեխօսութեամբ Բարթողոմէոս եւ Թադէոս առաքեալներուն, եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, կը խնդրենք Տիրոջմէ որ օրհնէ հայ հասարակութիւնը խստօրէն փորձուած տարիներու ընդացքին, եւ ղրկէ իր հունձքին բազմազան մշակներ եւ սուրբեր, որոնք, շնորհիւ Քրիստոսի, ըլլան կարող փոխելու մեր ընկերութիւններուն դիմագիծը, բուժելու մահացած սրտերը եւ վերադարձնելու քաջութիւնը, ուժը, եւ յոյսը յուսահատներուն:

Շնորհակալութիւն:








All the contents on this site are copyrighted ©.