2012-09-15 16:03:58

Միջին Արեւելքի համար Առաքելական Յորդորի ստորագրութիւնը
Հարիսա, Լիբանան


Ուրբաթ, 14 սեպտեմբեր 2012, երեկոյեան ժամը 6-ին, Հարիսայի յոյն կաթողիկէ «Սուրբ Պօղոս» եկեղեցւոյ մէջ, Բենեդիկտոս ԺԶ. սրբազան քահանայապետը ստորագրեց Միջին Արեւելքի համար «Առաքելական Յորդոր»ը, ներկայութեամբ Արեւելքի կաթողիկէ պատրիարքներու, Լիբանանի հանրապետութեան նախագահի եւ հոգեւոր անձնաւորութիւններու եւ ներկայացուցիչներու:
Բացման խօսք առաւ յոյն կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կրէկորիոս Լահհամ պատրիարքը, որ շեշտեց Առաքելական Յորդորին կարեւորութեան վրայ: Ան ըսաւ թէ այս յորդորը մի միայն քրիստոնեաներուն ուղղուած չէ, այլեւ` իսլամներուն եւ բոլոր Արեւելքին: Յատուկէն անդրադարձաւ նաեւ Պաղեստինեան հարցին, շնորհակալութիւն յայտնելով սրբազան քահանայապետին եւ իր նախորդներուն ունեցած արդար ու ճշմարիտ կեցուածքին համար: Լահհամ պատրիարքը արեւելեան Եկեղեցիներուն բոլոր պատրիարքներուն անունով յայտնեց սերտ միութիւնը Հռոմի սուրբ Աթոռին հետ, մաղթելով Եկեղեցւոյ միութիւնը մէկ Հօր շուրջ, որովհետեւ աշխարհը պէտք ունի հօր մը, հզօր միասնական Եկեղեցւոյ, որ կը քարոզէ Աւետարանի՝ աստուածային սիրոյ, յոյսի եւ հաւատքի ճշմարիտ արժէքները: Իր խօսքին աւարտին աղօթք մը բարձրացուց խնդրելով Աստուծմէ, որ պահպանէ սրբազան քահանայապետը:
Լահհամ պատրիարքին խօսքէն ետք, արեւելեան Եկեղեցիներուն յանձնախումբին ներկայացուցիչ կարդինալը խօսք առաւ խնդրելով սրբազան քահանայապետէն, որ ստորագրէ Առաքելական Յորդորը, որուն յաջորդեց Աւետարանի ընթերցումը բիւզանդական ծէսին համաձայն:
Սրբազան քահանայապետը ուղղեց իր պատգամը շեշտելով սուրբ խաչին խորհուրդին շուրջ, որով քաջալերեց Արեւելքի քրիստոնեաները անվախ հաստատ մնալու իրենց հաւատքին մէջ, որովհետեւ Քրիստոս մեզի հետ է: Ան յիշեցուց թէ այս Առաքելական Յորդորը ուղղուած է ամբողջ Միջին Արեւելքին, Եկեղեցւոյ պատրիարքներուն, եպիսկոպոսներուն, վարդապետներուն, մայրապետներուն, նուիրեալներուն եւ բոլոր հաւատացեալներուն, հաւատքը սփռելու համար ամէնուրեք: Սրբազան պապը ըսաւ թէ սէրը պէտք է յաղթահարէ ատելութեան, քաջալերելով ճշմարիտ երկխօսութիւնը կրօններուն միջեւ եւ կոչ ուղղելով համակեցութեան ու ներումի։ Պատգամէն ետք, սրբազան քահանայապետը ստորագրեց յորդորը, եւ Տէրունական աղօթքով փակեց արարողութիւնը:

















All the contents on this site are copyrighted ©.