2012-09-15 15:39:59

Հարցազրոյց Գերապայծառ Կապրիէլէ Քաչչա-ի հետ։ Լիբանանի Առաքելական Դեսպանը ։


Լիբանանի Առաքելական Դեսպան Գերապայծառ Գապրիէլէ Գաչչա ,Ռատիօ Վատիկանի տուած իր հարցազրոյցին մէջ, կ՝արտայայտուի թէ ինչպէս այն պահէն սկսեալ ՝՝Զատկուայ կիրակիէէն սկսեալ երբ երկրի բոլոր Եկեղեցիներուն մէջ արձագանցեց Քահանայապետի Լիբանան այցելութեան լուրը , Երկրին մէջ սկիզբ առաւ անասելի խանդավառութիւն մը։ Եկեղեցիներու մէջ սկսան յատուկ Աղօթքներ եւ Իննօրեաներ։ Միւս կողմէ Լիբանանը ունի մասնայատկութիւն մը ,արդարեւ 25 Մարտը ազգային տօն է,որը առիթ կ՝ուտայ թէ քրիստոնեաներուն եւ թէ մահմէտականներուն ունենալու հասարակաց Տօն մը՝ բոլորուելով Սուրբ Կոյսի շուրջ։
Լիբանան իր այս այցել ութեամբ Քահանայապետը Խաղաղութիւն կը բերէ բոլոր Միջին Արեւելքին(ըսաւ Սուրբ Աթոռի Դեսպանը) ։ Հոս կ՝ուզեմ ընդգծել որ Միջին Արեւելքի քրիստոնեաները հոս չեկան միսիոնարներու հետ միասին, գաղթավայրային կայսրութիւններու որպէս ուղեկիցներ ։ Քրիստոնեաները հոս են Քրիստոնէութեան սկիզբէն ի վեր . Մաս կը կազմեն արեւելեան ընկերութեան, եւ անոնք կերտեցին ուիշներու հետ միասին այս ընկերութեան դէմքը ։Ուստի կարեւոր է յիշել քրիստոնեաներու ունեցած կարեւոր դերը այս հողաշերտին մէջ ,որոնք պիտի շարունակեն ունենալ նաեւ ապագային։








All the contents on this site are copyrighted ©.