2012-09-14 13:01:23

Սուրբ Աթոռը Խստիւ Կը դատապարտէ Լիպիայի Ոճրափորձը։


Սուրբ Աթոռը խստօրէն դատապարտեց Լիպիայի մէջ Ամերիկեան Դիւանագիտական Ներկայացուցչութեան դէմ կատարուած մահափորձը,11 Սեպտեմբերին, որ պատճառ եղաւ Դեսպանի ու իր երեք աշխատակիցի մահուան։
՝՝ Ոչ մէկ բան կրնայ արդարացնել ահաբեկչական կազմակերպութիւններու գործունէութիւնը եւ մարդասպան բռնութիւնը՝՝ կը կադանք յայտարարութեանը մէջ Սուրբ Աթոռի Մամլոյ Գրասենեակի Տնօրէն Հայր ֆէտէրիքօ Լոմպարտիի, որ դատապարտելով Պէնկազիի մարդասպանութիւնները, յատնեց սրտի խոր ցաւ ու մասնակցիւթիւն եւ աղօթք զոհերուն համար,վերանորոգելով այն մաղթանքը որ հակառակ այս ողբերգական դէպքին, միջազգային հասարակութիւնը վերագտնէ լաւագոյն ճանապարհները շարունակելու համար իր յանձնառումը ի նպաստ խաղաղութեան Լիպիայի մէջ, ու ամբողջ Միջին Արեւելքէ ներս։
Միւս կողմէ երէկ Եէմենի մայրաքաղաք Սաանա գտնուող Ամերիկեան Դեսպանատունը թիրախ դարձաւ երկրորդ յարձակումի մը ,հետեւանք այս յարձակումին չորս ահաբեկիչներ սպաննուեցան եւ կան նաեւ 34 վիրաւորեալներ։ Իսկ Լիպիայէն հասած լուրերու համաձայն չորս հոգի ձերբակալուած են Պէնկազիի Ամերիկեան Հիւպատոսարանի դէմ կատարուած յարձակումի կապակցութեամբ։
Ինչպէս որ երէկ ալ տեղեկացուցինք Ամերիկեան երկու մարտանաւեր մինչ այդ ճամբայ ելած են դէպի Լիպիայի ծովափները ։








All the contents on this site are copyrighted ©.