2012-09-14 11:59:44

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Լիբանանի Մէջ։
(14-16 Սեպտեմբեր 2012).


Լիբանան ժամանումի երկրորդ օրը շաբաթ 15 Սեպտեմբերին, տեղական ժամով, ժամը՝13.30ին,Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Հայ Կաթողիկէ Նուիրապետութեան Զմմառու դարաւոր վանքին մէջ սեղանակից պիտի ըլլայ՝ Լիբանանի Պատրիարքներուն եւ Եպիսկոպոսներուն,ինչպէս նաեւ Միջին Արեւելքի Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի Յատուկ Խորհուրդի Անդամներուն ու Պապական Շքախումբին ։
Սրբազան Հայրը պիտի ընդունուի Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս 19.րդ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի ու Զմմառու Վանքի Մեծաւորի կողմէ։
Վանքի մուտքին, իր ժամանումէն անմիջապէս յետոյ, Քահանայապետը պիտի օրհնէ Յակոբ Մեղապարտի արձանը , հայ տպագրութեան ռահվիրան՝ երբ 1512ին Վենետիկի մէջ կը հրատարակէր տպագիր անդրանիկ Հայերէն Գիրքը ՝՝Ուրբաթագիրքը՝՝։

Հոս յիշենք որ 2012ը իւրայատուկ է Հայաստանի ու Հայութեան համար, որովհետեւ յիշատակեցինք ու կը յիշատակենք առաջին հայերէն Գիրքի հրատարակութեան 500ամեակը, եւ այդ առթիւ ՈԻՒՆԷՍՔՕ-ն՝ ԵՐԵՒԱՆ-ը հռչակեց ՝՝Գիրքի Մայրաքաղաք՝՝ ։
Յակոբ Մեղապարտի արձանը կը կշռէ 300 քիլոկրամ, ունի 165սանթիմեթր բարձրութիւն եւ 118 սանդիմեթր լայնք, եւ կը ներկայացնէ Յակոբ Մեղապարտ վանականը ՝՝Ուրբաթագիրքը՝՝ իր ձեռքերուն մէջ ։ «Յակոբ Մեղապարտ» անդրիին քանդակագործն է լիբանանահայ Ռաֆֆի Ետալեան, իսկ մեկենասներն են ամերիկահայ Լուի եւ Ուիլիըմ Աբիկեան եղբայրները:

՝՝Ուրբաթագիրքը՝՝ Աղօթքներու ու Աւետարանի հատուածներու հաւաքածոյ մըն է։ Հատորին շատ հազուագիւտ օրինակները պահպանուած են Զմմառու Վանքին մէջ(Լիբանան) ապա Երուսաղէմ,Վենետիկ եւ Վիեննայի մէջ Մխիթարեան Հայրերու մօտ եւ Երեւանի Մատենադարանին մէջ։ «Ուրբաթագիրք»-ը բաղկացած է 124 էջերէ ։ Շնորհիւ Յակոբ Մեղապարտի Հայերէնը արեւելեան եւ արեւմտեան շատ լեզուներէ աւելի վաղ, դարձաւ տպագրութեան լեզու։
Յակոբ Մեղապարտի ծննդեան ու մահուան թուականները անյայտ են։ Ուսումնասէրներու մեծամասնութեան համաձայն Յակոբ կը պատկանէր Կաթողիկէ Միաբանութեան մը ,եւ թէ պատշաճ ուսում ստացած է Եւրոպա, Եկեղեցական շրջանակի մէջ, որը կը բացատրէ անոր յատուկ նուիրումը նման աշխատանքի մը, այն է՝ տպագրութեան որ իր դարաշրջանի համար իսկապէս եզակի է։ Ապահովութեամբ կրնանք ըսել որ Յակոբ 1512-1514 թուականներու միջեւ յաջողած է հրատարակել հայերէն հինգ հատորներ ,եւ վեցերորդ մը Սաղմոսներու Գիրքը՝ առ յաւէտ կորուստի ենթարկուած՝ 1915-1918 Հայոց Ցեղասպանութեան տարիներուն։
Հայ տպագրութեան պատմութիւնը սկիզբ կ՝առնէ Վենետիկի մէջ՝շնորհիւ Յակոբ Մեղապարտի։ Վենետիկէն ետք տպագրութիւնը մուտք կը գործէ Պոլիս 1567ին ,եւ ապա զանազան երկիրներ եւ Շուշի (ՀԱՅԱՍՏԱՆ) կը հասնի 1772ին։ Իսկ առաջին հայ պարբերական մամուլի թիւը լոյս տեսած է Հնդկաստանի մէջ 1794ին, Յարութիւն Քհնյ. Շմաւոնեանի նախաձեռնութեամբ:








All the contents on this site are copyrighted ©.