2012-09-14 13:25:33

Չորս Հայեր Սպաննուած՝ Երեւանէն Վերադարձին,Մինչ Օդակայանէն Դէպի Հալէպ Կ՝երթային։



Խումբ մը Հալէպահայեր որոնք Երեւանէն Հալէպ կը վերադառնային, օդակայանէն դէպի քաղաք ճամբուն վրայ յարձակումի թիրախ դարձած են Սուրոյ ընդդիմադիր ուժերուն ։ Ինքնաշարժերու շարասիւնի վրայ կրակահերթ բացուած է Սուրիոյ այսպէս կոչուած ՝՝ Ազատ Բանակ՝՝ի զինեալներու կողմէ, եւ չորս հայեր սպաննուած են ու 13 ուրիշներ ալ վիրաւորուած։
Սպաննուած հայերն են։ Արսէն Պէպէճեան, Հրաչ Պէպէճեան,Յարութ Սուլաւեան եւ Մեսրոպ Աճէմեան։ Ի դէպ Արսէն Պէպէճեան Երեւանէն չէր վերադառնար, այլ գացած էր դիմաւորելու Հրաչ Պէպէճեանը։ 13վիրաւորներէն մէկ մասը, որոնք թեթեւ վէրքեր ունէին,արդէն տուն վերադարձած են,իսկ անոնք որոնք աւելի ծանրօրէն վիրաւորուած են, դարմանումի տակ առնուած են։
Միւս կողմէ 12 Սեպտեմբերին Նոր Գիւղի մէջ հայ երիտասարդ մը սպաննուեցաւ նշանառուի մը բացած կրակոցներու հետեւանքով։ Զոհը երիտասարդ Ճորճ Թոփալաքեանն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.