2012-09-14 19:59:27

Յետ Սիւնհոդոսական Յորդորագիրի Ստորագրութիւնը Հարիսսայի Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթներու Սուրբ Պօղոս Պազիլիքայի Մէջ:


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը ուրբաթ 4 սեպտեմբերի կէսօրին, Սուրբ Խաչի Երեւման Տօնին օրը ժամանեց Մայրիներու Երկիր Լիբանան։ Րաֆիք Հարիրի օդակայանին մէջ տեղի ունեցած բարի գալուստի արարողութեան աւարտին, Քահանայապետը փոխադրուեցաւ Լիբանանու Պապական Նուիրակութեան կեդրոնը՝ Հարիսսա: Երեկոյեան ժամը 18ին, յոյն կաթողիկէ մելքիթներու «Սուրբ Պօղոս» պազիլիքայի մէջ, ի ներկայութեան միջին արեւելքի պատրիարքներուն, եպիսկոպոսնաերուն ու կղերական դասին ինչպէս նաեւ քոյր եկեղեցիներու ու իսլամ հասարակութիւնները ներկայացուցիչներուն եւ Լիբանանի Հանրպետութեան Նախագահ՝ Միշել Սլէյմանի, Սրբազան քահանայապետը, հոգեւոր արարողութեան մը ընթացքին, ստորագրեց յետ սիւնհոդոասական յորդորագիրը։
Յոյն Կաթողիկէ Մելքիթներու պատրիարք` Գրիգոր Գ Լահհամ պատրիարքը եկեղեցւոյ դրան առջեւ դիմաւորեց Նորին Սրբութիւնը:

Բարի եկաք միջին արեւելք, Պէյրութ, լիբանանի եկեղեցի։ Այսօր մեզի կը բերէք միջին արեւելքի լոյսը որ ներփակուած է յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի մէջ։ Այս բարերով է որ Լահհամ պատրիարքը Սրբազան Քահանայապետի ուղղուած բարի գալսուտի խօսքը արտասանեց։ Լահհամ Պատրիարքէն ետք խօսք առաւ նաեւ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսի ընդհանուր քարտուղար Գերապայծառ Նիքոլա Էթէրովիչ։

Իր պատգամին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը շնորհակալութիւն յայտնեց Լահհամ Պատրաիրքին ու Էթէրովիչ գերապայծառին։ Յատուկ ողջոյնի խօսք մը ուղղեց ներկայ Պատրիարքներուն ու բոլոր միջին արեւելքի եպիսկոպոսներուն եւ ուրախութիւնը յայտնեց քոյր եկեղեցիներու պատուիրակութեան եւ իսլամ հասրակութիւններու ներկայացուցիչներու ներկայութեան համար։ Իսլամ եւ Քրիստոնեայ համակեցութիւնը յատկանշական է լիբանանի ընկերային, քաղաքական եւ հոգեւոր կեանքի համար - ըսաւ Սրբազան հայրը - ու ապա մատնանշեց Սուրբ Խաչի տօնի, որուն յիշատակութիւնը այսօր կը կատարուի ըսելով, որ յետ սիւնհոդոսի յորդորագիրը կը ներկայացուի սուրբ խաչի յաղթական տօնին շուքին տակ։
Սերտ կապ մը կայ խաչին ու յարութեան միջեւ որ ամէն քրիստոնեայ ըմբռնելու է։ Առանց այս կապին խաչը փառաւորելը կը նշանակէ տանջանքը եւ մահը արդարացնել ու անոնց մէջ տեսնել տխուր ճակատագիր մը։
Յարութեան լոյսին տակ Խաչը փառաբանելը կը նշանակէ ապրիլ եւ արտայայտել սիրոյ ամբողջականութիւնը ըսաւ Սրբազան Հայրը հուսկ անդրադարձաւ Սիւնհոդոսական Հայրերու գործունէութեան ու անոնց մտահոգութեան ի տես միջին արեւելքը յուզող մարտահրաւէրներուն ու հոն գտնուող հազարաւոր այր ու կիներու ապրած դժուարութիւններուն ։

Ecclesia in Medio Oriente յորդորագիրը առիթ մըն է վերաքննելու ներկան ապագայի հեռանկարով Քրիստոսի աչքերով։


Իր հովուական եւ Սուրբ գրային առաջնորդութեամբ, անոր հրաւէրով աւելի հեգեւորն ու եկեղեցականը խորացնելու, ծիսական ու քրիստոնէական վարդապետութեան իր նորոքումով ու անոր երկխօսութեան կոչով յորդորագիրը կ՛ուզէ ճանապարհ մը հարթել գտնելու համար էականը որ է ''Հետեւիլ Յիսուսի''։ Հարկ է այժմ վերակոչել սիրոյ յաղթանակը ատելութեան վրայ, ներումի յաղթանակը վրէժխնդրութեան վրայ, ծառայութեան յաղթանակը տիրապետութեան վրայ, հեզութեան յաղթանակը հպարտութեան վրայ եւ միութեան յաղթանակը բաժանումի վրայ։
Այսօրուայ տօնակատարութեան լոյսին տակ ձեզ բոլորդ կը հրաւիրեմ չվախնալու եւ յարատեւելու ճշմարտութեան ճանապարհով ու մշակելու հաւատքի մաքրութիւնը։
Յորդորագիրը կը հրաւիրէ ամէն մի քրիստոնեայ ապրելու մկրտութեան եւ սուրբ հաղորդութեամբ ստացած շնորհքները Քրիստոսի ամբողջական նուիրումով։

Սրբազան քահանայապետը յորդորագիրը յանձնեց <<այս նշանով դուն պիտի յաղթես>> Սուրբ Կոստանտիանոսի խօսքերով հրաւիրելով միջին արեւելքի եկեղեցիները չվախնալու որովհետեւ տիեզերական եկեղեցին ձեր կողքին է։

Այս յոյսի եւ քաջալերանքի զգացումներով ձեզ կը յորդորեմ ըլլալու հաւատքի իսկական դերակատարներ հաղորդութեամբ եւ վկայութեամբ։ Խնդրելով Սուրբ Կոյս մարիամի բարեխօսութիւնը ձեր վրայ կը յայցեմ Աստուածային շնորհքները։ Թող ամէնակարող Աստուած բոլոր միջին արեւելքի ժողովուրդներուն շնորհէ պարգեւը ապրելու խաղաղութեամբ, եղբայրութեամբ եւ կրօնական ազատութեամբ. Աստուած ձեզ օրհնէ։








All the contents on this site are copyrighted ©.