2012-09-14 16:52:35

Լիբանանի Նախագահ Միշել Սլէյմանի Բարի Գալուստի Խօսքը։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի ընդունելութեան արտասանած իր խօսքին մէջ, Լիբանանի նախագահ Միշէլ Սլէյման ըսաւ, որ Լիբանան Առաքելական աթոռին հետ կապուած է պատմական անխախտ կապերով` անորմէ մշտապէս ստանալով զօրակցութիւն եւ օրհնութիւն: Ան բարի գալուստ մաղթեց պապին այն երկիրը, որուն վրայ ոտք դրած է Յիսուս Քրիստոս եւ որ եղած է վկայութեան վայր հրաշքներու եւ սրբագործութեանց: Նախագահը վեր բերաւ Լիբանանի քաղաքակրթական առաքելութիւնը` որպէս գիտութիւններու եւ իմաստութեան օրրան եւ տարածման միջավայր, ինչպէս նաեւ համայնքներու խաղաղ համակեցութեան օրինակ: Ան դիտել տուաւ, որ պապին այցելութիւնը յատկանշականօրէն կը զուգադիպի տօնին Սուրբ Խաչի, որ խոհրդանիշն է յարութեան եւ յաւիտենական կեանքին, մաղթելով որ անիկա լոյս եւ երանութիւն բերէ նահատակութեան եւ երկխօսութեան այս հայրենիքին:
Այս առիթով նախագահ Սըլեյման անդրադարձաւ պաղեստինեան հարցին, շեշտելով, որ Լիբանանի մէջ գտնուող պաղեստիցի գաղթականներուն օժանդակութիւնը միջազգային պատասխանատուութիւն մըն է, որ պէտք է կատարուի մինչեւ այս դատին եւ միջին արեւելեան տագնապին արդար լուծումը: Սլէյման այս ծիրին մէջ շեշտեց, որ Լիբանան, իր սահմանադրութեան իսկ համաձայն, կը մերժէ լիբանանեան հողին վրայ պաղեստինցիներու վերաբնակեցումը, այլ կը պահանջէ անոնց հայրենադարձութիւնը` Պաղեստին:








All the contents on this site are copyrighted ©.