2012-09-13 13:28:56

Պաղտատի Լատիներու Առաջնորդը կը Քաջալերէ Քրիստոնեաները Երկրէն Չփախչելու։


Իսլամ-Քրիստոնեայ Դիմումանգիր մը Պահպանելու Համար Պաշտամունքի Վայրերը։
Պաղտատի Լատիներու Առաջնորդը Գերապայծառ Սուլէյման քաջալերեց քրիստոնեաները որպէսզի մնան իրենց հայրենիքին մէջ, մատնանշելով հանդերձ որ ներկայ կառավարութիւնը ի վիճակի չէ եւ անկարող դիմագրաւելու բռնութիւնները, որ հետզհետէ կը խռովեն երկիրը։ Երկիրը ծանր տագնապի մէջ կը գտնուի դաւանական սուր լարուածութեանց հետեւանք , որուն առաջին զոհերն են քրիստոնեաները։ Դժբախտաբար միջազգային հասարակութիւնը աւելի հետաքրքրուած է իր անհատական շահերովը, քան աշխարհի խաղաղութեամբ։ Իրաքի քրիստոնեաները պէտք են գիտակցիլ որ Իրաքը իրենց հայրենիքն է եւ պէտք որ ստանձնեն իրենց առաքելութիւնն ու պարտականութիւնները։ Յայտնենք որ Քրիստոնեաները -Իսլամներու հետ միասին մտադիր են դիմումնագիր մը ներկայացնելու՝ պաշպանելու դիտաւորութեամբ պաշտամունքի վայրերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.