2012-09-13 13:20:31

Ճեմալ Փաշայի Թոռնիկը Յայտնի Լրագրող Հասան Ճեմալ-ի Հայոց Ցեղասպանութեան Նուիրուած Հատորը։


Հայկական Ցեղասպանութեան կազմակերպիչներէն՝ Ճեմալ փաշայի թոռնիկը՝թուրք յայտնի քրոնիկագիր Հասան Ճեմալ, յառաջիկայ շաբթուան ընթացքին գիրք մը լոյս պիտի ընծայէ՝ «1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» վերնագիրով, կը հաղորդէ Պոլսոյ «Ակօս»շաբաթաթերթը:
«Առանց առերեսուելու անցեալի դէպքերուն հետ, ինչպէս կրնանք առաջ ընթանալ: Անցեալի ցաւերուն նկատմամբ լուռ չենք կրնար մնալ, իսկ 1915ի ցաւը պատմութիւն չէ, այն այսօրուան խնդիր է(նշած է գիրքի հեղինակը):
Գիրքին առաջին գլուխին մէջ ներկայացուած է, թէ ինչպէս է Հասան՝ 2000ական թուականներու սկիզբը, կը սկսի առաջին անգամն ըլլալով առերեսուիլ Ցեղասպանութեան հետ: Ան կը պատմէ, թէ ինչպէս 2006ին Հրանդ Տինքի սպանութեան գործով դատական նիստին ընթացքին, իր ապրածներն ու իմացածները պատմելէ ետք, զինք սկսած են թշնամաբար ընդունելու Թուրքիոյ մէջ, զինք կոչելով «հայրենիքի դաւաճան»:
Գիրքի երկրորդ գլուխին մէջ հեղինակը կը պատմէ, թէ նախքան 1915 թուականի դէպքերուն մասին իրողութիւնը իմանալը ինչպիսի մտածելակերպ ունեցած է ինք, եւ թէ ինչպէս այդ մտածելակերպը ժամանակի ընթացքին փոխուած է: Գիրքի երրորդ գլուխը, որ վերնագրուած է «Փաշայ պապը կամ Ճեմալ փաշայի ընտանիքը», կը պատմէ Ճեմալ փաշայի եւ անոր ընտանիքի մասին:
Հասան Ճեմալ բազմիցս յայտարարած է, որ 1915ի դէպքերը Ցեղասպանութիւն կը նկատէ եւ 2008ին ան այցելած է Ծիծեռնակաբերդ եւ ծաղիկներ դրած Եղեռնի Զոհերու Յուշարձանին առջեւ:








All the contents on this site are copyrighted ©.