2012-09-13 13:30:32

''Ժամանակը Արարչագործութեան ի Խնդիր 2012'' Կոչուած Նախաձեռնութիւնը Սկիզբ Առած։


Բնապահպանութեան ու բնապաշտպանութեան Եւրոպական քրիստոնէական ցանցը իր 9-րդ խորհրդաժողովը գումարեց Հոլլանտայի Էլսբիլ քաղաքը, իր զօրակցութիւնը տալով Եկեղեցւոյ բնապահպանումի ի խնդիր աշխատանքներուն։ Ժողովին մասնակցեցան 22 երկիրներու 98 ներկայացուցիչները , ունենալով որպէս նիւթ.''բնապահպանական արդարութիւն, զարգացում եւ յոյս''։ Ժողովականները բանակցեցան Եւրոպական ապրելակերպի, ընկերային ու բնապաշպանութեան արդիւնքներու մասին։ Յայտնենք որ աւելի քան 600 ժողովրդապետութիւններ կապուած են վերոյշեալ ընկերակցութեան, որ հաստատուած է 1986-ին, եւ որու աթոռը Զուիցերիոյ Պերն քաղաքը կը գտնուի ։








All the contents on this site are copyrighted ©.