2012-09-12 12:36:44

Ճատրակի Միջերկրականեան Խաղերու Ախոյեան Հանդիսացաւ Մեսրոպեանական Նանօր Առնելեան- Լիբանան։


Ութը տարեկանէն վար տարիքային բաժինի Լիբանանի ախոյեան հանդիսանալէ ետք, Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն վարժարանի աշակերտուհի՝ Նանօր Առնելեան մասնակցած է Ճատրակի միջերկրականեան Դ. խաղերուն: Մրցումները տեղի ունեցան 28 Օգոստոսէն 3 Սեպտեմբեր, Յունաստանի մէջ:
Իր տարիքին եւ իր տարիքէն աւելի մեծ խաղացողներու դէմ 9 անգամ մրցելէ ետք, Նանօր ապահոված է 4 կէտ եւ հանդիսացած` Ճատրակի միջերկրականեան ախոյեան: Մեսրոպեան վարժարանի աշակերտուհիին այս մեծ յաղթանակը արդիւնքն է հետեւողական աշխատանքի եւ ծնողքին ու Մեսրոպեանի ճատրակի ուսուցիչին` պրն. Էլի Հուլիշեանի հոգատարութեան:
Նանորի յաղթանակը մեծ պատիւ կը բերէ համայն հայերուն, լիբանանահայերուն իր ծնողաց ու նաեւ Մեսրոպեան վարժարանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.