Թրքական Դրոշմաթուղթին Վրայ Պիտի Նշուի «Հայաստան» Անունը,իբրեւ Յաղթող Երկիր (Հայկ
Դեմոյան) ։
Հայոց Ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տնօրէն Հայկ Դեմոյեան Դիմատետրի իր էջին վրայ
գրած է հետեւեալը . «Հայաստանի Ճատրակի յաղթանակի բերկրանքը աւելի քաղցրացնելու համար
ըսեմ, որ ըստ գոյութիւն ունեցող կարգին` Թուրքիոյ նամակատնային ծառայութիւնը այս տարի
պիտի հրապարակէ յատուկ դրոշմաթուղթ, առաջին օրուան ծրար եւ բացիկ` նուիրուած Պոլսոյ մէջ
կայացած Ճատրակի Համաշխարհային Ողիմպիականի կայացման: Իբրեւ կանոն, այսպիսի պաշտօնական
նամակատնային հրապարակումներու վրայ յատուկ կերպով կը նշուի տուեալ մրցումին յաղթանակ
արձանագրած երկրի անունը: Այսպէս թրքական դրոշմաթուղթին վրայ, պատմութեան մէջ առաջին
անգամ ըլլալով պիտի նշուի «Հայաստան» անունը` իբրեւ յաղթող երկիր»: