2012-09-12 12:44:25

«Հայութիւնը Լաւ Վիճակի Մէջ Է Ամբողջ Լիբանանի Տարածքին» Կ՝ընդգծէ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի։


Լիբանանի Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի «Նահար» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին ըսած է որ ՝՝հայութիւնը Պուրճ Համուտի մէջ եւ ամբողջ Լիբանանի տարածքին լաւ վիճակի մէջ է՝՝ : Ան շեշտած , որ Պուրճ Համուտի մէջ ապահովական կայունութեան պահպանումը լիբանանեան պետութեան պատասխանատուութիւնն է եւ ոչ թէ ՀՅ Դաշնակցութեան պատասխանատուութիւնը:
«Այսօր կարելի չէ ըսել, որ Պուրճ Համուտը հայութեան հիմնական միջնաբերդն է, այլ պէտք է ըսել, որ այդ միջնաբերդը կ՛ընդարձակուի մինչեւ Անթիլիաս` հասնելով մինչեւ Պէյթ Քըքոյի բարձունքները: Սակայն առաջին միջնաբերդին նկատմամբ երախտագիտութեան զգացումն է, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը հոն կը պահէ` իբրեւ հիմնական կեդրոն եւ աշխուժ ներկայութիւն», ըսած է ան:
Անդրադառնալով ապա Սուրիահայութեան դիմագրաւած ներկայ իրավիճակին` Յ. Բագրատունի ըսած է , որ ինք կը հաւատայ, թէ թրքական եւ օսմանական բռնատիրութեան ներքեւ ապրած հայը կրնայ նաեւ դիմագրաւել ներկայ մարտահրաւէրները: «Այդ իրականութեան փաստը այն է, որ հայերը կառչած կը մնան իրենց հողին եւ Սուրիայէն դէպի Լիբանան գաղթող հայութեան թիւը աննշան է:
Յ. Բագրատունի նշեց, որ սուրիահայութիւնը Սուրիոյ մէջ աւելի ապահով վայրեր կը փոխադրուի, «սակայն գաղթող սուրիահայերուն թիւը տասնեակները չեն անցնիր», ըսաւ ան:
Հուսկ՝ Լիբանանեան իրադարձութիւններուն ակնարկելով` երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական իրավիճակը մնայուն կերպով կ՛ազդուի արաբական եւ շրջանային իրադարձութիւններէն, յատկապէս այս հանգրուանին եւ մասնաւորապէս Սուրիոյ զարգացումներէն:








All the contents on this site are copyrighted ©.