Վատիկանի Պետական Քարտուղարը Կը Խրախոսւէ Եպիսկոպոսները Վասն Միութեան։
Վատիկանի Պետական քարտուղարը կարդինալ Պերթոնէն սեպտեմբեր 8-ին Իտալիոյ Իվրէա թեմի նոր
առաջնորդին օծման պատարագին ընթացքին խրախուսեց եպիսկոպոսները յանձնառումով աշխատելու
Քրիստոսի մարմնին ` Եկեղեցւոյ շինութեան ու պայծառութեան համար։ Եպիսկոպոսը կանչուած
է պահպանելու Եկեղեցւոյ միութիւնը միասնաբար գործելով աշխարհի բոլոր եպիսկոպոսներու հետ`
Սրբազան Քահանայապետի հովանաւորութեամբ։ Կարտինալ Պերթոնէն ապա ըսաւ <<եպիսկոպոսը պէտք
է յանդուգն ըլլայ յանուն Քրիստոսւի Արքայութեան եւ ի գին անհասկացողութեան։>>