2012-09-11 12:33:53

Հունգարիա Հայաստանին Կոչ Կ՛ուղղէ Վերականգնելու Բարեկամական Կապերը։


Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարար Եանոշ Մարթոնին նախորդ շաբաթավերջին նամակ մը ուղարկեց Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեանին, ուր վստահեցուց, թէ Սաֆարովի Ազրպէյճանին արտայանձնումը ուղղուած չէր Հայաստանի դէմ եւ պէտք չէ դիտարկուի իբրեւ վիրաւորանք հայ ժողովուրդի հասցէին:

Հունգարական մամուլը հաղորդեց, որ նամակին մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ընդգծեց, որ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած մարդասպանին արտայանձնումը իրականացուեցաւ միջազգային գործող չափանիշերուն ու այս հարցին մէջ Հունգարիոյ կողմէ կիրարկուող փորձին համապատասխան:
Եանոշ Մարթոնի պնդեց, որ արտայանձնումը «բացառապէս իրաւական բնոյթ» կրած է:
Պաշտօնական նամակին մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը նաեւ ցաւ յայտնեց իր երկրին հետ դիւանագիտական յարաբերութիւնները կասեցնելու` Հայաստանի որոշման առնչութեամբ եւ նշեց հայ-հունգարական աւանդական բարեկամութիւնն ու «քրիստոնէական արժէքները», որոնք «կը միաւորեն երկու ժողովուրդները դարեր շարունակ»:
«Դիւանագիտական յարաբերութիւններու կասեցումը կրնայ ունենալ լուրջ հետեւանքներ, որոնք չեն բխիր Հայաստանի շահերէն»,- մամուլին մէջ առկայ հաղորդագրութեան համաձայն, պնդեց Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւ կոչ ուղղեց Նալպանդեանին երկուստեք ջանքեր գործադրելու բարեկամական կապերը վերականգնելու համար:
Ըստ «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանի տեղեկութիւններուն, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ստացած է այս ուղերձը, սակայն պաշտօնական Երեւանը առայժմ անոր որեւէ արձագանգ չէ տուած:

Նշենք, որ Հունգարիոյ կողմէ Սաֆարովին արտայանձնման ենթարկելու հարցը քննարկուած է նաեւ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարարներուն` նախորդ շաբաթավերջին Կիպրոսի մէջ տեղի ունեցած ոչ պաշտօնական հանդիպման ընթացքին:

Հունգարական մամլոյ համաձայն, Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը եւրոպացի գործընկերներուն ներկայացուցած է հոլովոյթին վերաբերող շարք մը փաստեր եւ կրկին պնդած է, որ այս հարցին մէջ Պուտափեշտը գործած է միջազգային իրաւունքի չափանիշերուն համապատասխան: Նոյն աղբիւրին հաղորդումով, Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց նախարար Քեթրին Էշթըն իր աջակցութիւնը առաջարկած է` Հայաստանի եւ Հունգարիոյ միջեւ դիւանագիտական լարուածութիւնը թուլացնելու համար:








All the contents on this site are copyrighted ©.