2012-09-11 13:23:36

Իսլամ Քրիստոնայ Միջկրօնական Հսկում Ի Պատրաստութիւն Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Այցելութեան


Լիաբնանը ամիսներէ ի վեր կը պատրաստուի յառաջիկայ 14 - 16 սեպտեմբեր մեծ շուքով ընդունելու Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը որ մայրիներու երկիրը կը ժամանէ ''խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ'' նշանաբանով իր հետ տանելով մեծ յոյսեր եւ խաղաղութեան պատգամ մը։
Պատրաստողական զանազան նախաձեռնութիւններու շարքին ''Մարիամու Այգի'' անուան հրապարակի վրայ 12 սեպտեմբերի երեկոյեան նախատեսուած է իսլամ - քրիստոնեայ երիտասարդներու միջկրօնական աղօթքի հսկում մը որուն ընթացքին կ՛արտասանուին աղօթքներ, կ՛ երգեցուին հոգեւոր տաղեր Սրբազան Քահանայապետի դիտաւորութեան որպէսզի Ան բոլորին կողմէ ընդունուի որպէս Մայրիներու Երկրի օրհնութիւն մը ։
Հաւաքը սկիզբ կ՛առնէ երեկոյեան ժամը 20ին եւ ունի որպէս բնաբան ''միասին խաղաղութեան, սիրոյ, ազատութեան եւ ապահովութեան մէջ''։ Հաւաքին կը մասնակցին երկրի քաղաքական իշխանութիւններու եւ կրօնական բոլոր հասարակութիւններու ներկայացուցիչներ հազարաւոր հաւատացեալներու ներկայութեամբ։ Հաւաքը կազմակերպուած է իսլամ - քրիստոնեայ միջկրօնական երկխօսութեան ի սպաս գործող կազմակերպութիւններու ջանքերով։
Բոլոր Լիբանանցիները ի մէջ այլոց իսլամ հասարակութիւնը անհամբեր կը սպասեն Սրբազան Քահանայապետի այցելութեան որպէս շնորհք մը որ պիտի կարենայ իրականացնել ազգային միութեան իրագործութիւնը ցոյց տալով թէ Լիբանանը կարող է ըլլալ համակեցութեան օրինակ մը համայն միջին արեւելքին համար։
Սրբազան Հօր Լիբանան այցելութիւնը միայն լիբանանու համար չէ այլ բոլոր միջին արեւելքի ժողովուրդներու յատկացուած առաքելութիւն մըն է։








All the contents on this site are copyrighted ©.