2012-09-11 12:39:27

Աղթամարի Մէջ Աղօթք՝ Սուրիոյ Քաղաքացիական Պատերազմի Զոհերուն Համար։


Վանի Աղթամար կղզիի Սուրբ Խաչ Եկեղեցւոյ մէջ Կիրակի, Սեպտեմբեր 9ին տեղի ունեցաւ,Եկեղեցւոյ վերանորոգումէն ետք երրորդ Պատարագը: Մօտաւորապէս 1000 հաւատացեալներ ներկայ եղած են պատարագին։ :
Պատարագին մասնակցած են Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքական փոխանորդ Արամ արք. Աթէշեան, Վանի փոխ-քաղաքապետ Աթա Ուսլու, քրտամէտ Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան անդամներ եւ այլք:
Ներկաներուն բաժնուած են սուրբ նշխարներ, ապա յատուկ աղօթք կատարուած է Վանի երկրաշարժէն տուժածներու եւ Սուրիոյ քաղաքացիական պատերազմի զոհերու յիշատակին:
Ապահովական մարմիններու 260 աշխատակիցներ հսկած են վայրը, մինչ ամբողջ պատարագի ընթացքին կղզիին վերեւ շրջած է ոստիկանական ուղղաթիռ մը:
Հայկական «Ակունք» պարային համոյթի ելոյթի ընթացքին բարձրացուած հայկական դրօշը, կարճատեւ լարուածութեան պատճառ դարձած է, երբ ներկաներէն ոմանք արտայայտած են իրենց դժգոհութիւնը:
Եկեղեցին այժմ թանգարանի կարգավիճակ ունի եւ տարին միայն մէկ անգամ՝ Խաչվերաց Տօնին նախորդող Կիրակի օրը, հոն կարելի է պատարագ մատուցել:








All the contents on this site are copyrighted ©.