2012-09-10 12:36:59

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Երկուշաբթի 10 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետկան ամարանոցի մէջ ընդունեց Միլանոյի արքեպիսկոպոս Կարդինալ Անճէլօ Սքոլան հուսկ ընդունեց Սերպիոյ դեսպան Տիար Վլատէթա Եանքովիչն ու անոր կողակիցը հրաժեշտի այցելութեան առթիւ։ Ժամը 12-ին Գոնչիսթորօ Սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ 37 եպիսկոպոսներու որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Նշենք որ կիրակի 9 սեպտեմբերին արտասանած Հրեշտակ Տեառն մարեմեան աղօթքի ընթացքին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Հայրը խօսեցաւ յառաջիկայ 14- 16 լիբանան կատարելիք հովուական այցելութեան մասին հաստատելով որ իր այս ճամբորդութիւնը խաղաղութեան նշանով պսակուած ուղեւորութիւն մըն է եւ յորդորելով քրիստոնեաները կառչած մնալու իրենց հաւատքին ու ըլլաու խաղաղութեան ու հաշտութեան վկաներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.