2012-09-10 12:53:25

ՄԱԿի Մօտ Ս. Աթոռի Մնայուն Դէտը Խստիւ Դատապարտած Է Փաքիստանի Մէջ Կիրարկուող՝ Հայհոյանքի Հայող Օրէնքը,


Որ Միջոց Մըն Է Պայքարելու Փոքրամասնութիւններու Դէմ։
Գերապայածառ Թոմազի՝ Ս. Աթոռի մնայուն դէտը ՄԱԿի մօտ, մամուլին հետ ունեցած ելոյթով խօսած է Փաքիստանի կրօնական փոքրամասնութիւններու դէմ գործադրուած խտրականութեան մասին, մատնանշելով որ պետութիւնը յաճախ կը դիմէ հայհոյանքի հայող օրէնքին, հարուածելու՝ Փաքիստանի քրիստոնեաներն ու ինտուները։
Ս. Աթոռի ներկայացուցիչը նաեւ ընդգծած է դաստիարակութեան հարցը գուրաանական դպրոցներու մէջ, որոնք կը ղեկավարուին ծայրայեղ մահմետականներու կողմէ եւ որոնք անտարբեր են երկխօսութեան ու հանդրժողութեան։
Հուսկ գերապայծառ Թոմազի կոչ ըրած է Փաքիստանի կառավարութեան որ ամէն կարելին ընէ ստեղծելու երկրին մէջ նոր մտայնութիւն մը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.