2012-09-10 12:18:45

Հունգարիոյ Ընկերվարականները Կը Պահանջեն Գաղտնազերծել Մարդասպան Սաֆարովի Արտայանձնման Մասին Փաստաթուղթերը։


PanArmenian.net լրատուական կայքէջը, յղում կատարելով Politics.hu կայքէջին, կը հաղորդէ, որ հունգարական ընդդիմադիր Ընկերվարական Կուսակցութիւնը Հունգարիոյ Արդարադատութեան նախարարէն կը պահանջէ հասանելի դարձնել այն փաստաթուղթերը, որոնք կը վերաբերին մարդասպան Սաֆարովի արտայանձնման:
Կուսակցութեան իրաւաբան Կերկելի Պարանտի մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է, որ փաստաթուղթերու ուսումնասիրութիւնը պիտի օգնէ յստակացնելու, թէ ո՞վ եւ որքանո՞վ մեղաւոր է Սաֆարովի արտայանձնման համար: «Շատ հաւանական է, որ Հունգարիոյ վարչապետը Սաֆարովի արտայանձնման մասին որոշումը տուած է, յուսալով ստանալ նիւթական շահ», ըսած է ան` հիմնուելով այն հաղորդագրութիւններուն վրայ, որ նման որոշումը կրնայ բխիլ Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի տնտեսական շահերէն: «Հանրութիւնը քիչ մը աւելիին կարիքն ունի, քան պարզապէս ենթադրութիւններու», ըսած է Պարանտի,կոչ ուղղելով հրապարակելու ոչ գաղտնի փաստաթուղթերը եւ հասանելի դարձնելու գաղտնիները:
Ըստ որոշ աղբիւրներու, Սաֆարովի արտայանձնումը իրականացուած է Ազրպէյճանի կողմէ Հունգարիոյ տրամադրուելիք 2-3 միլիոն Էուրոյի փոխարէն: Հունգարական կողմը կը հերքէ այս լուրը:








All the contents on this site are copyrighted ©.