2012-09-10 12:52:09

Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսին Հովուապետական Այցը Նիս


ֆրանսա- Սեպտեմբերի 7-ին սկիզբ առաւ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի Հովուապետական այցը Ֆրանսիայի հայոց թեմ՝ Նիսի ծուխ։
Նիսի մէջ վեհափառը դիմաւորեցին հոգեւորական դասը, ծխական խորհուրդի անդամները եւ հաւատացեալ հայորդիներ։
Նոյն օրը Վեհափառը հանդիպում ունեցաւ Նիսի քաղաքապետ Քրիստիան Էստրոզիի հետ։ Հանդիպման ներկայ էին քաղաքային եւ նահանգային իշխանութիւններու ներկայացուցիչներ, Նիսի հայ համայնքի շուրջ երկու հարիւր անդամներ եւ հրաւիրեալներ։ Քաղաքապետը բարի գալստեան խօսք արտասանեց. ան նախ ողջունեց Վեփափառին այցը Նիս՝ ապա անդրադարձաւ բերած մեծ նպաստին ու ներդրումին՝ Ֆրանսայի եւ Նիս քաղաքի առաջընթացին ու զարգացման համար. նշելով, որ քաղաքի իշխանութիւններու կողմէն մշտապէս աջակցութիւն կը ցուցաբերուի հայ համայնքին հանդէպ։ Իր խօսքին մէջ քաղաքապետը դատապարտեց նաեւ հայ սպայ Գուրէն Մարգարեանն սպանած յանցագործին Հունգարիոյ կողմէ Ադրբեջանին արտայանձնելու եւ Ադրբեջանի նախագահի կողմէ ներում շնորհելու պախարակելի իրողութիւնը, շեշտեց Հայոց Ցեղասպանութեան համընդհանուր դատապարտումը եւ յատկապէս Թուրքիոյ կողմէ ճանաչման անհրաժեշտութիւնը։
Իսկ Վեհափառը իր խօսքին մէջ գնահատանք յայտնեց Ֆրանսայի իշխանութիւններուն եւ Նիսի քաղաքապետին հայ համայնքին մշտապէս սատարումին , ինչպէս նաեւ մարդասպան յանցագործին Ադրբեջանի նախագահի կողմէ ներում շնորհելու փաստը խստօրէն դատապարտելու համար։ Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը իր գնահատանքը յայտնեց Քրիստիան Էստրոզիին նաեւ այն նախանձախնդիր ջանքերուն համար, որ ներդրած է Ֆրանսայի Ազգային ժողովին մէջ եւ իր քաղաքական գործունէութեան ընթացքին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակը վառ պահելու, հայ ժողովուրդի ու մարդկութեան դէմ իրականացուած այդ ոճրագործութիւնը դատապարտելու գործին մէջ, եւ Հայոց Ցեղասպանութեան մերժումը քրէականացնող օրէնքի ընդունման գործընթացքներուն մէջ։
Վեհափառը յոյս յայտնեց, որ Նիսի հայորդիները պիտի յաղթահարեն ներհամայնքային կեանքին մէջ առկայ դժուարութիւնները շարունակելով՝ Նիսի ծուխի մէջ նորանոր յաջողութիւններ արձանագրել, քանզի ՜՜աստուածսիրութիւնը, ըսաւ վեհափառը, մեր Սուրբ Եկեղեցու կարգի ու կանոնների եւ սրբազան աւանդութեան հանդէպ հաւատարմութիւնն ու յարգանքը մեր ժողովրդի փառքն ու հպարտութիւնն են, մեծ տեղ ունեն հաւատաւոր հայորդիների սրտում եւ չեն կարող ստուերուել։








All the contents on this site are copyrighted ©.