2012-09-08 13:39:04

Սուրիահայ Գաղութի Բողոքը Հունգարիոյ Դեսպանին,


Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի Սպանութեամբ Դատապարտուած՝ Րամիլ Սաֆարոֆին Ազատ Արձակման Համար։
Սուրիահայ գաղութը, Սուրիոյ մէջ տիրող դժուարին պայմաններուն հանդերձ, չզլացաւ կատարելու իր ազգային պարտականութիւնը: Յատուկ պատուիրակութեամբ մը ան իր բողոքը յայտնեց Հունգարիոյ դեսպանին Հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի սպանութեամբ Հունգարիոյ մէջ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած Ատրպէյճանցի սպայ Րամիլ Սաֆարոֆին իր հայրենիքին՝ Ատրպէյճանի մէջ ներում ստանալուն եւ հերոսի պատիւին արժանանալուն համար:
Հինգշաբթի, 6 Սեպտեմբերին, Դամասկոսի Համայնքապետերն ու Կուսակցութեանց ներկայացուցիչները այցելեցին Դամասկոսի մէջ հաւատարմագրուած Հունգարիոյ Հանրապետութեան Դեսպանութիւն: Պատուիրակութեան մաս կը կազմէին Դամասկոսի Հայոց Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Արմաշ Եպս. Նալպանտեանը, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Առաջնորդ՝ Արհ. Տ. Յովսէփ Եպս. Առնաութեանը, Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութեան Սուրիոյ Հարաւային Շրջանի Վարիչ Մարմինի Փոխատենապետ՝ Տոքթ. Վազգէն Համալեանը, Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան Դամասկոսի Շրջանակի Ատենապետ՝ Տիար Գէորգ Կէօնճեանը, Դամասկոսի Հայ Կաթողիկէ Միութեան Ատենապետ ՝ Տիար Սարգիս Քէշիշեանը եւ Ազգ. Քաղաքական Ժողովի (Թեմական Խորհուրդ) Փոխատենապետ՝ Տիար Աւօ Ոսկեանը:
Պատուիրակութեանը ընդունեց Սուրիոյ մէջ Հունգարիոյ Արտակարգ եւ Լիազօր Դեսպան Եանոշ Պուտայը: Տ. Յովսէփ եւ Տ. Արմաշ Սրբազան Հայրերը յանուն ներկաներուն եւ Սուրիահայութեան իրենց բողոքն ու ցասումը յայտնեցին Հունգարիոյ եւ Ատրպէյճանի կառավարութեանց միջեւ կատարուած գործարքին համար, զոր միայն կատարուած է հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանի արեան գնով: Սրբազանը ի մասնաւորի շեշտեց թէ հայ ժողովուրդը թէ՛ Հայաստանի, թէ՛ սփիւռքի եւ թէ՛ Սուրիոյ մէջ վրդովուած է կատարուածին համար, զայն համարելով Հայու անվտանգութեան խաթարող սահմռկեցուցիչ քայլ: Դեսպան Եանոշ Պուտայ իր հերթին ներկայացուց Հունգարիոյ Պետութեան դիրքորոշումը այդ մասին: Տ. Արմաշ Սրբազան Հայրը ներկաներուն անունով դեսպանին յանձնեց Հունգարիոյ Հանրապետութեան Նախագահ՝ Տիար Եանոշ Ատէրին ուղղուած նամակը, որուն մէջ կը պահանջուէր Եւրոպական Միութեան Պետութեան մը յարիր կեցուածք եւ դատապարտում Ատրպէյճանի կողմէ անմարդկային եւ հակահայկական քաղաքականութեան նկատմամբ:









All the contents on this site are copyrighted ©.