2012-09-08 11:53:42

Սուրբ Պատարագ Վանի ԱՂԹԱՄԱՐ Եկեղեցւոյ Մէջ։


Այս առթիւ Հիւսիային Ամերիկայէն 70 ուխտաւորներ Պոլիս ժամանած են. Վանի մէջ Սուրբ Պատարագը Կը մատուցէ Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ.Խաժակ Արք.Պարսամեան։
Կիրակի 9 Սեպտեմբերին Վանի Աղթամար Եկեղեցւոյ մէջ կը մատուցուի Սուրբ Պատարգ ինչպէս անցեալ տարի։ Պոլսոյ կրօնական Ժողովի Ատենապետ Հոգշ. Տ.Թաթուլ Ծ.Վրդ. Անուշեան արդէն Վան մեկնած է Աղթամարի մէջ պատրաստութիւնները տեսնելու նպատակով (կը գրէ Պոլսոյ Մարմարա Օրաթերթը) ։
Պատարագը պիտի մատուցէ Ամերիկայի Հայոց Առաջնորդ Խաժակ Սրբազանը,Խաժակ Սրբազանի առաջնորդութեամբ մօտաւորպէս 70 հոգիէ բաղկացած ուխտաւորներու խուբ մըն ալ Պոլիս ժամանած է ,որոնք նախ մեկնած են Կեսարիա, հոնկէ ալ կը փոխադրուին Վան։ Խումբը Վանի Պատարագին ներկայ գտնուելէ ետք պիտի անցնի Տիգրանակերտ,ուր ներկայ պիտի գտնուի Սուրբ Կիրակոս Եկեղեցւոյ մէջ կայանալիք դաշնակահար Ռաֆֆի Պետրոսեանի ռէսիթալին։ Հիւր հոգեւորականներու կարգին է Երուսաղէմէն Գերշ. Տ.Արիս Արք.Շիրվանեան։
Խաժալ Սրբազանը,եթէ հնարաւոր ըլլայ,պիտի այցելէ իր ծննդավայր քաղաքը՝ այն է Արաբկիր քաղաքը ։








All the contents on this site are copyrighted ©.