2012-09-08 13:21:16

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Լիբանան Կատարելիք Առաքելական Ճամբորդութեան Պաշտօնական Ներկայացումը։


Երեքշաբթի 11 սեպտեմբերի առաւօտեան ժամը 11.30 Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի ՅՊԲ անուան սրահին մէջ մամլոյ գրասենեակի տնօրէն` հայր ֆետերիքօ Լոմպարտին, մամուլին կը ներկայացնէ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի, սեպտեմբեր 14-16, Լիբանան կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան պաշտօնական յայտագիրը ու միջին արեւելքի եկեղեցիներու յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի ներկայացումը։
Առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանն է <<խաղաղութիւնս կու տամ ձեզ>>։
Այս առթիւ նշենք որ Լիբանանցի հաւատացեաները անհամբեր կը սպասեն Սրբազան Հօր այցելութեան այս վերջին օրերուն կազմակերպելով նաեւ աղօթքի հսկումներ լիբանանու ամբողջ տարածքի վրայ գտնուղ եկեղեցիներու մէջ։ Ասոնց շարքին նախատեսուած է նաեւ մոամավառութեան նախաձեռնութիւն մը որ տեղի կ՛ունենայ Սրբազան Հօր այցելութեան երկրորդ օրը 15 սեպտեմբերին։ Մայրաքաղաք Պէյրութի տուներու տանիքներու վրայ` Լիբանանի դրօշը խորհրդանշող կարմիր եւ սպիտակ մոմեր պիտի վառուին մինչ կիրակի 16 սեպտեմբերին սպիտակ ու դեղին գոյներով մոմեր պիտի լուսաւորեն տուներու տանիքները որպէս շնորհակալական արտայայտութիւն Սրբազան Հօր Լիբանան կատարած այցելութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.