2012-09-08 13:39:30

Ուխտագնացութիւն Դէպի Արիզոնայի Սուրբ Աբգար Եկեղեցի


ՍՔԱՑՏԷՅԼ, Արիզոնա.- Օգոստոս 25-26ին, Արեւմտեան թեմի առաջնորդ Յովնան արք. Տէրտէրեանի հովանաւորութեամբ, առաջնորդարանին մէջ գործող «Առաքելոց լսարան» ծրագիրը կազմակերպած էր ուխտագնացութիւն՝ Պըրպենքի Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր տաճարէն դէպի Արիզոնա նահանգի Սքացտէյլ քաղաքին մէջ գնտուող Սուրբ Աբգար Հայց. առաքելական եկեղեցի: Ուխտագնացութեան կը մասնակցէին 15 հոգիներ:
Շաբաթ, Օգոստոս 25ին, Հայկ Մատոյեանի եւ Վահէ Սարգսեանի գլխաւորութեամբ ուխտաւորներուն խումբը ժամանելով Ս. Աբգար եկեղեցի, հիւրընկալուեցաւ ծուխի հոգեւոր հովիւ Զաքարիա քհնյ. Սարիբէկեանի եւ ծուխի հաւատացեալներուն կողմէ: Եկեղեցւոյ անդամները ներկայացուցին իրենց գործունէութիւնը եւ բարի գալուստ մաղթեցին ուխտաւորներուն: Այնուհետեւ տէր հայրը հրաւիրեց ուխտաւորները՝ մասնակցելու ուխտաւորի աղօթքին եւ հոգեւոր խոկման:
Կիրակի, Օգոստոս 26ին, ուխտաւորները մասնակցեցան Ս. պատարագի, որմէ ետք, «Առաքելոց լսարան» ծրագիրի ղեկավար Հայկ Մատոյեան ծուխի հաւատացեալներուն եւ ուխտի մասնակիցներուն ներկայացուց «Ներածութիւն Հայց. առաքելական (ուղղափառ) եկեղեցւոյ դաւանանքը» խորագիրը կրող դասախօսութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.