2012-09-07 13:20:45

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Գործունէութիւնը


Ուրբաթ 7 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան ժամը 11-ին Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ, ընդունեց Գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի կարգ մը եպիսկոպոսներ որոնք Հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։
Ժամը 12-ին՝ միշտ Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցին մէջ, Նորին սրբութիւնը ունկնդրութիւն շնորհեց Ժողովուրդներու աւետարանացումի Ժողովի նախաձեռնութեամբ կազմակերպուած նորօծ եպիսկոպոսներու հաւաքի 100 մասնակցողներուն։

Մինչ, երէկ՝ հինգշաբթի 6 սեպտեմբերի առաւօտեան Սրբազան Քահանայապետը ընդունեց Լիթունաիոյ հանրապետութեան նոր դեսպանը՝ Տիկին Իրէնա Վայժվիլայթէ-ն, հաւատարմագրերու ներկայացումի առթիւ։


Նորօծ եպիսկոպոսսներու արտասանած իր ճառին մէջ Սրբազան Հայրը նախ ուրախութիւնը յայտնեց անոնց հանդիպելուն համար անդրադառնալով անոնց յանձնուած աւետարանցումի եւ հաւատքի մէջ հաստատումի կարեւոր առաքելութեան։ Ափրիկէի, Ասիոյ լատին Ամերիկայի եւ Ովկիանիոյ եկեղեցիները նոր եկեղեցիներ են - ըսաւ Ան - եւ յոյսի նշան են տիեզերական եկեղեցւոյ ապագայի համար ։ Ասոր համար սիրելի եղբայրակիցներ, ըսաւ Պենետիկտոս ԺԶ, ձեզ կը քաջալերեմ չխնայելու առաքելական գոծունէութեան ձեր ուժերը, որոնք ձեր եպիսկոպոսական ձեռնադրութեամբ կ՝ամփոփուին երեք կէտերու մէջ ՜՜դաստիարակել, սրբացնել եւ կառավարել՝՝։
Ձեր հովանիին ներքեւ առէք անհատներու առաքելութիւնը, հաւատքի փոխանցումը, նորընծաներու դաստիարակութիւնը, կրօնական կազմի եւ աշխարհականներու հոգատարութիւնը։
Յառաջիկայ Միսիոնարական Համաշխարհային Օրուայ առթիւ հրատարակած պատգամիս մէջ, ուզեցի նշել թէ՝ հաւատքը պարգեւ մըն է, որ պէտք ենք ընդուիլ մեր սրտերուն մէջ ու մեր կեանքէն ներս եւ որուն համար երախտապարտ ըլլալու ենք Տիրոջ։ Հաւատքը սակայն մեզի շնորհուած է որպէսզի զայն բաժնեկցինք ու պտղաբեր դարձնենք։ Լոյս մըն է որ պէտք չէ թաքնուած պահել։ Հաւատքը կենսունակ պարգեւ մըն է որ չենք կրնար մենք մեզի պահել։
Սիրելի եղբայրակիցներ, ձեզ ու ձեր հասարակութիւնները կը յանձնեմ Աստուածամօր, Տիրոջ առաջին աշակերտ ու առաջին աւետարանիչ։ Ան՝ աւետարանութեան աստղը, թող ուղղէ միշտ ձեր քայլերը։








All the contents on this site are copyrighted ©.