2012-09-07 12:41:02

Պարաք Օպամա Պաշտօնապէս Կը Ստանձնէ Նախագահական Թեկնածութիւնը։


Չորեքշաբթի, Սեպտեմբեր 5ի երեկոյեան, Դեմոկրատ կուսակցութեան համագումարին ընթացքին, նախագահ Պարաք Օպամա պաշտօնապէս ընտրուեցաւ կուսակցութեան նախագահական թեկնածուն, մինչ համագումարին ընթացքին ելոյթ ունեցողները դրուատեցին վերջին չորս տարիներու ընթացքին անոր որդեգրած քայլերուն շնորհիւ արձանագրուած յատկանշական յառաջխաղացքը:
Մինչ Երեքշաբթի գիշեր Միացեալ Նահանգներու առաջին տիկինը՝ Միշէլ Օպամա խանդավառած էր ներկաները, Չորեքշաբթի օր այդ պարտականութիւնը յանձնուած էր նախկին նախագահ Պիլ Քլինթընին, որու իշխանութեան օրօք տնտեսութիւնը յատկանշակած վերելք ապրած էր:
Քլինթըն քննադատեց Օպամայի քաղաքականութիւնը մերժող հանրապետականները, որոնք տնտեսւթիւնը բարեկարգելու նախագահին իւրաքանչիւր քայլին դէմ խոչընդոտներ դրած են վերջին չորս տարիներուն: Ան աւելցուց, թէ հակառակ անոնց ընդդիմութեան, Օպամա կրցած է որոշ չափով բարելաւել կացութիւնը, սակայն շեշտեց, թէ աւելի քան տասնամեակի մը ընթացքին տնտեսութեան կրած վնասները կարելի չէ միայն չորս տարիներու ընթացքին դարմանել: Այդ պատճառով, Քլինթըն կոչ ըրաւ բոլորին, որ երկրորդ անգամ նախագահ ընտրեն Օպամային, տնտեսութիւնը բարեկարգելու ծրագիրը ամբողջացնելու առիթ ընծայելու համար անոր:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ դրամատուներու եւ հսկայ ընկերութիւններու սանձարձակ գործունէութիւնը զսպելու նպատակով իր տարած աշխատանքին համար պաշտօնազրկուած Էլիզապեթ Ուորընը, որ ներկայ Ծերակոյտի ընտրութեանց թեկնածու է Մեսեչուսեց նահանգէն:
Ան ցաւ յայտնեց, որ տնտեսական ճգնաժամին պատճառ դարձած միլիառատէրերը կը շարունակեն իրենց կամքը պարտադրել Քոնկրեսի մէջ եւ ընդգծեց զանոնք զսպելու կարեւորութիւնը:








All the contents on this site are copyrighted ©.