2012-09-07 13:21:26

Գերմանացի Մտաւորական Ու Քաղաքացիական Անձնաւորութիւններ Կը Խնդրեն Որ ՜՜Բաժանումները՝՝ Գերազանցուին Եկեղեցւոյ մէջ, Պահանջելով ''Համամիութիւնը''։


Գերմանիոյ քաղաքական, մտաւորական ու քաղաքացիական ընկերութեան ներկայացուցիչներ կոչ ուղղած են Պերլինի մէջ, որպէսզի եկեղեցիներու մէջ բաժանումները գերազանցուին։ Կոչին վերնագիրն է. ''համամիութիւնը այսօր''։ Այս կոչը բանաձեւած է Վատիկանեան Բ Տիեզրական ժողովի բացման 50-րդ ու բողոքական վերանորոգումի 500-րդ տարեդարձի զոյգ առիթներով։ Կոչը ստորագրած են եկեղեցւոյ կեանքի մէջ յանձնառու կաթողիկէ ու բողոքական աշխարհականներ, որոնց կարգին կան Գերմանիոյ ազգային խորուրդի նախագահը, անցեալի դաշնակցային Գերմանիոյ հանրապետութեան նախագահը ու ներկայ պաշտպանութեան նախարարը։ Ստորագրողները իրենց կոչին մէջ կը գրեն. ՜՜ այս վաւերաթուղթը արդիւնքն է մեր անհամբերութեան, կը բխի քրիստոնեայ հասարակութիւններու սրտերէն, եկեղեցիներու բաժանումներ կարող չեն արդարացնել քրիստոնէութեան բաժանումները՝՝։








All the contents on this site are copyrighted ©.