2012-09-07 10:44:32

Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքի Զօրակցական Գիրը Հ Հ Նախագահ Սերժ Սարգսեանին։


Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ նամակին մէջ կը կարդանք.
Մեծարգոյ նախագահ,
Որպէս Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գերագոյն հոգեւոր պետ, ամբողջականօրէն կը զօրակցինք Ձեր կեցուածքներուն, զորս դուք արտայայտեցիք Հայաստանի զինուած ուժերու սպայ Գուրգէն Մարգարեանի կանխամտածուած եւ դաժան սպանութիւնը իրականացուցած ոճրագործին` Հունգարիոյ իշխանութիւններուն կողմէ արտայանձնման դատապարտելի քայլին եւ Ազրպէյճանի նախագահին կողմէ անոր ներում շնորհելու անընդունելի որոշումին լոյսին տակ: Կը զօրակցինք նաեւ այն գործողութիւններուն, զորս դուք եւ Հայաստանի պետական մարմինները կատարեցին` որպէս արդար եւ փաստարկուած հակազդեցութիւն` ամբողջ հայութիւնը եւ աշխարհի արդարամիտ մարդոց խիղճը ցնցած հունգար եւ ազրպէյճանական կառավարութիւններու պարսաւելի գործարքին:
Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հոգեւոր դասին եւ աշխարհասփիւռ հաւատացեալներու անունով մենք եւս կը դատապարտենք մէկ կողմէ `հունգար պետութեան կողմէ մարդու սպանութեան այս անուղղակի արդարացումը եւ միւս կողմէ` ազրպէյճանական իշխանութիւններուն կողմէ ոճրագործին հերոսացումը: Առաջինը ուղղակի արհամարհանք մըն է համամարդկային բարոյական արժէքներուն, իսկ երկրորդը ուղղակի քաջալերանք է ազգային անհանդուրժողութեան, ատելութեան եւ բռնութեան:
Մենք լիայոյս ենք, որ հայրենի մեր ժողովուրդն ու համայն հայութիւնը պիտի յաղթահարէ ցաւի, հիասթափութեան եւ զայրոյթի երիցս հասկնալի ապրումները, զորս պատճառեցին այս դէպքերը, եւ կառչած մնայ արդար եւ խաղաղ աշխարհ մը կառուցելու իր առաքելութեան, որ իրը եղած է միշտ: Կ'աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած` ուժ եւ կորով ներշնչելու Ձեզի եւ հայրենի պետական մարմիններուն` ընդդէմ անիրաւութեանց ու մարտահրաւէրներուն ու կը հայցենք Անոր օրհնութիւնը` պահպանելու Հայաստանն ու հայ ժողովուրդը խաղաղութեան եւ բարգաւաճումի մէջ:
Մնամ աղօթարար
+ Ներսէս Պետրոս ԺԹ.
Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ
Կաթողիկէ Հայոց








All the contents on this site are copyrighted ©.