2012-09-06 11:31:54

Լիոնի Առաջնորդի Ելոյթը ֆրանսական Լա Գրուա Թերթին Հետ Յառաջիկայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Եպիսկոպոսական Սիւնհոդոսւին Մասին։


Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոս եւ նոր աւետարանութիւն - Մինչ կը մօտենայ ժամադրութեան պահը նոր աւետարանութեան նիւթին մասին գումարուած եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին, որ տեղի պիտի ունենայ Վատիկանի մէջ հոկտեմբեր 7-28, Լիոնի առաջնորդը կարտինալ Պարպարէն յայտնած է իր տեսութիւն ''Նորութիւն'' մտայղացումին մասին։ Ան կը յուսայ որ եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսը խորացնէ ու ծաւալէ այս բառին Նոր իմաստը, որպէսզի ոչ մէկ նորութիւն ինքզինք գերադաս նկատէ։ Հարկաւոր է խանդավառութիւնը, Եկեղեցւոյ բարեկարգումը, սակայն միաժամանակ էարկ է արթուն կենալ ու հսկել որպէսզի հպարտութեան ժանտախտը չի ներթափանցէ եկեղեցւոյ մէջ ու զայն չապականէ։ Կարտինալի գնահատումով հարկաւոր է զատորոշել էականը եկրորդականէն, Քրիստոս միակն է որ յաւիտենական նորութիւն է։ Այս տեսութեամբ ֆրանսացի առաջնորդը կը յուսայ որ այսօրուայ ու վաղուայ Աւետարանի նոր քարոզիչները ըլլան յանդուգն, անվեհեր ու համեստ։
Խօսելով ֆրանսայի եպիսկոպոսներու յառաջիկայ սեպտեմբեր 20-ին ունենալիք հնգամեայ կանոնական հանդիպումի մասին Կարտինալ Պարպարէնը ըսաւ <<մեր յոյսն է ներդաշնակութիւն գտնել Եկեղեցւոյ սահմանդրութեան ու նախաձեռնութեան ազատութեան միջեւ. Ու շօշափել հոգեւորականներու եւ մասնաւորապէս երիտասարդ քահանաներու կարգաւորումի հարցը, առանց զանոնք սահմանափակելու իրենց թեմերուն մէջ ու քննարկել Նորադարձերու մուտքի հարցը եկեղեցի։ Լիոնի կարտինալի համոզումով Հռոմի առաքելութիւնն է օգնել եպիսկոպոսներուն դիմագրաւելու համար իրենց հովուական հարցերը հայող նաեւ ընկերութիւններու մէջ աճող տաքնապային կացութեան։








All the contents on this site are copyrighted ©.