2012-09-06 12:50:32

Լիբանանի Վարչապետ Նաժիպ Միքաթի Կը Զգուշացնէ Լիբանանցիները Սուրիոյ Տագնապին Լիբանան Փոխադրութենէն ։


Վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին յայտնեց, որ Լիբանան այն երկիրներէն է, ուր կրնայ փոխադրուիլ Սուրիոյ տագնապը` քաղաքական, ապահովական եւ աշխարհագրական պատճառներով:
Ան կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն միասնականութեան, շեշտելով, որ անոնք բոլորը մէկ նաւու մէջ կը գտնուին եւ այդ նաւը կրնայ ընկղմիլ, եթէ շրջանը հարուածող փոթորիկները հասնին նաեւ անոր:
Լիբանանցիները ճշգրիտ որոշումներ տուած կ՛ըլլան, եթէ անոնք հեռու մնան իրենց շուրջ արձանագրուող իրադարձութիւններէն:
«Սուրիոյ տագնապէն հեռու մնալու կարելիութիւնը կը յաջողի, երբ մենք` իբրեւ լիբանանցիներ, միասնական գտնուինք եւ մերժենք Սուրիոյ տագնապին Լիբանան ներածումը», ըսաւ Միքաթի:
Վարչապետը աւելցուց, որ եթէ Սուրիոյ տագնապը Լիբանան հասնի, ապա ոչ ոք պիտի բացառուի անոր վտանգէն: «Ոչ մէկը թող մտածէ, թէ կրնայ օգտուիլ այդ տագնապէն, իսկ ուրիշը կրնայ վտանգի մէջ ըլլալ: Մենք Լիբանանի մէջ բոլորս նոյն նաւուն վրայ ենք, եւ եթէ այդ նաւուն մէջ ջուր մտնել սկսի` փոթորիկին իբրեւ հետեւանք, բոլորս պիտի ընկղմինք», ըսաւ ան:

Իր խօսքը ուղղելով արաբ զբօսաշրջիկներուն եւ յատկապէս Ծոցի երկիրներու քաղաքացիներուն` վարչապետ Միքաթի նշեց, որ անոնք պէտք չէ վարանին Լիբանան այցելելու` աւելցնելով, որ լիբանանցիները մեծ յարգանք ունին անոնց նկատմամբ եւ սիրով կ՛ընդունին զանոնք իրենց երկրին մէջ:








All the contents on this site are copyrighted ©.