2012-09-06 09:42:00

«Թող Պապին Այցելութիւնը Ըլլայ Կրօններու Միջեւ Երկխօսութիւնը Ամրապնդելու Առիթ Մը» Մաղթեցին Մարոնի Եպիսկոպոսները:


Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ առաւօտեան Տիմանի մէջ նախագահեց Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մանրամասնութիւնները:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը կարդաց Սելիմ Մազլում եպիսկոպոսը, որ յայտնեց, թէ եպիսկոպոսները մեծ յոյսով ու անհամբեր կը սպասեն Պենետիկտոս ԺԶ. պապին Լիբանան կատարելիք այցելութեան եւ կոչ կ՛ուղղեն լիբանանցիներուն խիտ շարքերով ուղղուելու փողոց` դիմաւորելու պապը:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը ողջունեց եւ բարձր գնահատեց պապին այցելութեան նախապատրաստութիւնները: Այս ծիրին մէջ խորհուրդը շնորհակալութիւն յայտնեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Սլէյմանի, ինչպէս նաեւ իսլամ եւ քրիստոնեայ համայնքներուն:
«Մարոնի եպիսկոպոսները մաղթեցին, որ պապին Լիբանան այցելութիւնը ըլլայ կրօններուն եւ քաղաքակրթութիւններուն միջեւ երկխօսութիւնը ամրապնդելու առիթ մը», ըսաւ Մազլում եպիսկոպոս:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը կոչ ուղղեց նաեւ խաղաղութեան` նշելով, որ շրջանին մէջ քրիստոնեաներուն գոյութիւնը սիրոյ առաքեալներու գոյութեան համազօր է:
«Պապին շուրջ համախմբումը անոր կատարելիք այցելութեան նկատմամբ շնորհակալ ըլլալու խորհրդանիշ է: Խորհուրդը բոլոր լիբանանցիները հրաւիրեց ներկայ գտնուելու 14-16 սեպտեմբերին զուգադիպող շաբաթ եւ կիրակի օրերուն մատուցուելիք պատարագներուն, որոնք պիտի նուիրուին ամբողջ շրջանին խաղաղութեան», ընդգծեցին մարոնի եպիսկոպոսները` իրենց հաղորդագրութեան մէջ:
Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը յոյս յայտնեց, որ պապին պատմական այցելութիւնը իր իւրայատուկ դերակատարութիւնը ունենայ:








All the contents on this site are copyrighted ©.