2012-09-05 12:49:57

Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետի Չորեքշաբթի Օրուայ Հրապարակային Ունկնդրութիւնը


Չորեքշաբթի 5 սեպտեմբեր 2012-ի առաւօտեան Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոցէն ինքնաթիռով փոխադրուեցաւ Հռոմ - Վատիկան ուր ժամը 10.30-ին Պօղոս Զ անուան սրահին մէջ ունկնդրութիւն շնորհեց հոն համախմբուած իտալացի եւ օտարազգի հազարաւոր ուխտաւորներուն։

Շարունակելով աղօթքի մասին իր խորհրդածութիւնները Նորին Սրբութիւնը անդրադարձաւ Յայտնութեան գիրքին ուր կը խօսուի <<տիրոջ օրուայ մասին>> (Յայտն. 1, 10)։
Յայտնութեան գիրքին մէջ - ըսաւ Սրբազան Հայրը - ուրախ մաղթանք մը կայ <<Երանի անոր որ պիտի կարդայ եւ պիտի լսէ մարգարէութեան խօսքեր>>։ Գիրքի առաջին համարները մեզի կը յայտնեն թէ աղօթքը նախ եւ առաջ ունկնդրութիւն է Աստուծոյ խօսքերուն ու հարկ է որ փառաբանութիւն ըլլայ Տիրոջ հանդէպ, Անոր սիրոյն եւ Յիսուս Քրիստոսի որ մեզի պարգեւեց ուժ, յոյս եւ փրկութիւն։
Մեր կեանքին ու պատմութեան մէջ աղօթքը կ՛արթնցնէ Աստուծոյ ներկայութեան զգացումը ։ Ներկայութիւն մը որ մեզի նեցուկ կը կանգնի, մեզ կ՛առաջնորդէ եւ մեզի մեծ յոյս կը ներշնչէ։ Ան իսկական հիւթն է որ կը սնուցանէ քրիստոնեայի կեանքը։ Իր պատգամին մէջ Սուրբ Յովհաննէս կը հաստատէ թէ հարկ է մտիկ ընել թէ ինչ կ՛ըսէ Սուրբ Հոգին եւ յանձնառու ըլլալ յարատեւութեամբ ընթանալու ապաշխարանքի եւ սիրոյ ճանապարհին վրայ։

Սիրելի բարեկամներ - յարեց Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով խորհրդածութիւնը - որքան աղօթենք ներզօրութեամբ եւ հետեւողականօրէն նոյնքան կը նմանինք Քրիստոսին որ մուտք կը գործէ մեր կեանքէն ներս ու անոր կու տայ խաղաղութիւն եւ ուրախութիւն։ Որքանով ճանչնանք, սիրենք ու հետեւինք Յիսուսին նոյնքան պահանջը կը զգանք կանգնելու ու աղօթելու անոր հետ ընդունելով անդորրութիւն, յոյս եւ ուժ մեր կեանքին։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը զանազան լեզուներով ողջունեց ներկայ հաւատացեալները յատուկէն ողջոյնի խօսք մը ուղղելով երիտասարդներուն, հիւանդներուն եւ նորապսակեալներուն։

Սիրելի երիտասարդներ արձակուրդներու աւարտին ձեր առօրեայ զբաղումներուն վերադառնալով դարձեալ հաստատեցէք Աստուծոյ հետ կանոնաւոր երկխօսութիւնը որ ձեր մէջ ու ձեր շուրջ լոյս ճառագայթէ։ Սիրելի հիւանդներ նեցուկ եւ սփոփանք գտէք Յիսուսի մեր Տիրոջ մէջ որ իր փրկչչագործութեան առաքելութիւնը կը շարունակէ ամէն մարդու կեանքին մէջ։ Եւ դուք սիրելի նորապսակեալներ գիտցէք մշակել հոգեւոր ծաւալը որպէսզի ձեր միութիւնը ըլլայ միշտ աւելի խոր եւ տոկուն։

Ունկնդրութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ինքնաթիռով վերադարձաւ Գասթել Կանտոլֆոյի ամարանոց։










All the contents on this site are copyrighted ©.