2012-09-05 12:22:14

Շրջանառութեան Մէջ Դրուեցաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը Ճանչնալու Մասին» Օրինագիծը։


Հայաստանի Ազգային ժողովի Ժառանգութիւն կուսակցութեան խմբակցութեան քարտուղար Զարուհի Փոստանջեան երէկ Ազգային Ժողովին մէջ շրջանառութեան մէջ դրաւ «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւնը ճանչնալու մասին» Հայաստանի Հանրապետութեան օրէնքին նախագիծը:
Օրէնքին ընդունումով` Հայաստանի կողմէ պիտի ճանչցուի Արցախի փաստացի կարգավիճակը` մեկնելով այն հանգամանքէն, որ Արցախի Հանրապետութիւնը լիարժէքօրէն կը բաւարարէ ինքնիշխան պետութեան համար սահմանուած միջազգային օրէնքի բոլոր նախապայմանները:








All the contents on this site are copyrighted ©.