Հայաստան Եւ Արժանթին Համաձայնեցան Աւելի Եւս Զարգացնել Իրենց Բարեկամական Յարաբերութիւնները.
Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած
Արժանթինի արտաքին գործոց նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանը: Ըստ Թիմերմանի, Հայաստան
Արժանթինի համար պարզապէս երկիր չէ, այլ` բարեկամ երկիր, որուն պատմութիւնը յարգանքի
արժանի է: Նախարարը վստահեցուց, որ Արժանթինի ժողովուրդին ցանկութիւնն է խորացնել համագործակցութիւնը
Հայաստանի հետ, եւ իր երկրին կառավարութիւնը ատիկա իրականացնելու բոլոր կարելիութիւնները
ունի: Կողմերը դրուատանքով խօսեցան Արժանթինի մէջ մեծ հեղինակութիւն վայելող հայ համայնքին
մասին եւ մեծապէս կարեւոր նկատեցին համայնքին դերը երկու երկիրներուն միջեւ յարաբերութիւններու
ամրապնդման գործին մէջ: Երէկ տեղի ունեցաւ նաեւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար
Էդուարդ Նալբանդեանի եւ պաշտօնական այցելութեամբ Երեւան ժամանած Արժանթինի արտաքին գործոց
նախարար Հեքթոր Մարքոս Թիմերմանի հանդիպումը: