2012-09-05 12:31:49

Էջ մը Հայ Մատենագրութենէն։
Յովհաննէս 5-րդ Դրասխանակերտցի.


Յովհաննէսի ծննդեան թուականը 845-էն 850-ի միջեւ կարելի է դասաւորել. Ան ծնած է Դրասխանակերտ աւանին մէջ, Դուին քաղաքի մօտերը. իր ուսումը ստացած է Արտավազի եւ ապա` Սեւանի վանքերուն մէջ։ Այս վերջինին մէջ` աշակերտած է Մաշտոց Վարդապետին, որ յետագային եղաւ կաթողիկոս։ Եղած է մեծ շինարար եւ դիւանագէտ. Կառուցած է Երազգավորսի եկեղեցին։ Մեծ ջանքերով` կարող եղած է կասեցնել եղբայրասպան կռիւները հայ ազնուական տուներու միջեւ, ինչպէս նաեւ բանակցութիւններ վարած է Ատրպատականի արաբ ամիրային` Յուսուփի հետ։
898-ին բարձրացած է կաթողիկոսական աթոռը, յաջորդելով Մաշտոց Կաթողիկոսին եւ շարունaկած է իր բարերար ազդեցութեամբ օգտակար դառնալու երկրի խաղաղեցման, ինչպէս նաեւ շինարարական ծրագիրներու իրագործման։
908-ին սակայն Արաբներու կողմէ բռնուած է ու ենթարկուած սոսկալի չարչարանքներու. Ի վերջոյ յաջողած է փախչիլ բանտէն եւ, տասը տարի շրջուն կեանք մը վարելէ ետք` ապաստան գտած է Աղթամարի կղզիին մէջ 927-ին, ուր Վասպուրականի թագաւորը` Գագիկ Արծրունի, հրաւիրած է զինք տեղափոխելու իր Աթոռը։ Վախճանած է Աղթամարի մէջ, 929-ին։
Յովհան Կաթողիկոս կոչուած է նաեւ Պատմաբան, իր գրած շատ շահեկան պատմութեան համար. Հաւանաբար պատմութեան առաջին մասը շարադրած ըլլայ 897-էն առաջ, այսինքն իր կաթողիկոսութենէն առաջ, իսկ երկրորդ մասը շարունակած ըլլայ անկէ ետք, կաթողիկոսութեան շրջանին։ Այս ենթադրութեան պատճառն այն է որ առաջին մասին մէջ` դէմ կ՛արտայայտուի Քաղկեդոնի Ժողովին, իսկ երկրորդ մասին մէջ, հաւանաբար Բիւզանդացիներու բարեկամութիւնը եւ օգնութիւնը շահելու համար, կը չափաւորէ իր խօսքերը թէ ժողովին եւ թէ Յոյներու նկատմամբ։
Իր պատմութիւնը բաժնուած է 187 գլուխներու. կը սկսի ջրհեղեղէն, հասնելու համար իր ապրած օրերուն, այսինքն 924 թուականը. Անշուշտ այս վերջին մասը շատ աւելի շահեկան է մեզի համար, որովհետեւ առաջին մասը կրկնութիւն մըն է Մովսէս Խորենացիի եւ Մարիբաս Կատինայի պատմութիւններուն։ Զարդարուն ու գեղեցիկ ոճ մը ունի, սակայն երբեմն ալ կը չափազանցէ իր նկարագրութիւններուն մէջ։
Շատ հետաքրքրական է իր պատմութիւնը երբ կը սկսի Սմբատ Ա. Թագաւորի եւ Ատրտպատականի իշխան` Յուսուփի միջեւ ծագած անհամաձայնութիւնները նկարագրել, որոնց զոհ կ՛երթայ հայ ժողովուրդը, ինչպէս նաեւ ինք անձամբ։ Վերջին գլխուն մէջ`իր ոճը կը դառնայ յոռետես եւ կ՛ողբայ վիճակը հայ ազգին, որ անօրէններու ոտից կոխան եղած է. Սակայն կը քաջալերէ ժողովուրդը որ չյուսալքուի, այլ արիանայ եւ վստահ ըլլայ թէ օրին մէկը պիտի յաղթէ թշնամիին եւ քրիստոնէութիւնը դարձեալ պիտի տիրէ Հայաստան աշխարհի վրայ։
Տրուած ըլլալով որ ականատես է իր նկարագրած դէպքերուն` կարգ մը մանրամասնութիւններ զոր կը հաղորդէ շատ հետաքրքրական կը դարձնեն իր պատմագրութիւնը։
Յովհաննէս Պատմաբան ունի նաեւ ուրիշ աշխատասիրութիւն մը. Շարք կաթողիկոսացն հայոց որ դարձեալ մեզի համար շատ կարեւոր երկ մըն է որովհետեւ կը թուէ բոլոր կաթողիկոսները յաջորդաբար մինչեւ իր կաթողիկոսութիւնը, տալով համառօտ կխնսագրականը իւրաքանչիւրին։ Իր Պատմութիւնը հրատարակուած է առաջին անգամ 1843-ին. Նախապէս ֆրանսերէն լեզուով հրատարակուած էր 1841-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.