2012-09-05 12:59:35

Արեւելագէտ Յիսուսեան Սամիր Խալիլ Մեծ Յոյսեր Կապած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի Լիբանան Այցելութեան


Արաբական աշխարհի մասնագէտ` եգիպտացի յիսուսեան հայր Սամիր Խալիլ Սամիրը մեծ յոյսեր կապած է Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբեր Լիբանան կատարելիք այցելութեան։
Նորին Սրբութիւնը պիտի աշխատի յոյս եւ անդորրութիւն ներշնչել բնակիչներուն։
Լիբանանը փոքր երկիր մըն է սակայն արաբական աշխարհի միակ երկիրն է որ իրապէս բազմազան է։ Ան կարող է օրինակ հանդիսանալ արաբական աշխարհի բոլոր երկիրներուն։ Երանելի Յովհաննէս Պօղոս Բ Քահանայապետը Լիբանանը որակած է որպէս ''պատգամ մը աշխարհի համար''։
Պենետիկտոս ԺԶ-ի առաքելական ճամբորդութեան գլխաւոր հանգրուաններն են. Անոր հանդիպումը օրթոտոքս ու բողոքական հոգեւորականներուն հետ, ինչպէս նաեւ մահմետական զանազան հոսանքներու կրօնապետերու հետ։
Սրբազան քահանայապետի հանդիպումները չեն ներփակեր զուտ կրօնական հարցեր - ըսած է հայր Սամիր Խալիլը անոնք կ՜ընգրկեն նաեւ այլ նիւթեր ինչպէս ''բոլոր բնակիչներու համար հասարակաց պետութեան մը ստեղծումը։ Քրիստոնեաներն ու իսլամները սատարը մէկ ազգի մը ստեղծումին` որ բաց ըլլայ զանազան մշակոյթներու, կրօներու ու գաղափարներու>>։
Յայտնենք որ եգիպտացի Յիսուսեան հայր Սամիր Խալիլը Վատիկանի մօտ խորհրդատու է իսլամական հարցերու։
Իր ունեցած ելոյթի ընթացքին Հայր Սամիր Խալիլ մեծապէս մտահոգուած է նաեւ Սուրիոյ հարցով։ Անոր գնահատումով եթէ ներկայ կառավարութիւնը իյնայ անոր պիտի յաջորդէ մոլեռանդ սիւննի վարչաձեւ մը որ Սուրիոյ փոքրամասնութիւններու համար ողբերգութիւն մը պիտի ըլլայ։ Սուրիոյ մէջ ներկայ մենատիրութիւնը բոլորին համար անվտանգութիւն մըն է եւ չէզոք դիրք մը ունի կրօններու հանդէպ։ Քրիստոնեաները թէեւ ազատօրէն չեն կրնար արտայատել իրենց քաղաքական կարծիքը, սակայն անվանագ կեանք մը կը վայլեն եւ այդ պատճառաւ դիրք բռնած են ներկայ վարչաձեւին հետ։








All the contents on this site are copyrighted ©.