2012-09-05 13:00:44

Արամ Ա. Կաթողիկոսի Բողոքի Նամակը Հունգարիոյ Նախագահին։


Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անմիջապէս որ իմացաւ Հունգարիոյ կառավարութեան որոշումը Ազրպէյճանի յանձնելու իր մօտ ցկեանս բանտարկութեան դատապարտուած ազրպէյճանցի զինուորական Ռամիլ Սաֆարովը (որ 2004-ին Պուտափեշտի մէջ հայկական բանակի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահար սպաննած էր իր քնացած վիճակին մէջ), ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին ներում շնորհելը, բողոքի նամակ մը յղեց Հունգարիոյ նախագահին:
Իր նամակին մէջ վեհափառ հայրապետը Հունգարիոյ եւ Ազրպէյճանի կառավարութիւններուն այս քայլը կը նկատէ «բռնաբարում միջազգային օրէնքի եւ արդարութեան սկզբունքներուն»: Վեհափառը կը յայտնէ, որ այս ապօրէն արարքը «ընդվզումի եւ բողոքի ահաւոր ալիք մը յառաջացուցած է հայ ժողովուրդին մօտ, թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ սփիւռքի մէջ»: Շարունակելով իր խօսքը` Արամ Ա. կաթողիկոս կը շեշտէ, որ «քաղաքական շահերը պէտք չէ ոտնակոխեն արդարութիւնը եւ մարդկային արժանապատուութիւնը»: Ապա, յայտնելէ ետք, թէ ինք իբրեւ հոգեւոր պետ ամբողջութեամբ կը բաժնէ հայ ժողովուրդի արդար ընդվզումը, կը յիշեցնէ, թէ «նման արարքներ երբեք չեն նպաստեր ազգերու ու պետութիւններու միջեւ բարւոք յարաբերութեան ու սերտ գործակցութեան մշակման»:
Յայտնենք, որ վեհափառ հայրապետի յիշեալ նամակը երկու միաբան հայրեր պաշտօնապէս փոխանցեցին Լիբանանի մէջ Հունգարիոյ դեսպանին:








All the contents on this site are copyrighted ©.