2012-09-04 12:11:51

Քահանայապետական Անուանումներ։


Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Ժոզէֆ Թոմքոյ` Ժողովուրդներու աւետարանցումի Ժողովի երբեմնի կառավարիչ անուանած է որպէս իր յատուկ նուիրակը` գլխաւորելու համար Լվովի Լատիններու Արքեպիսկոպոսութեան հաստատութեան 600րդ ամեակը որ տեղի կ՛ունենայ յառաջիկայ սեպտեմբեր 8-ին։

Նորին Սրբութիւնը հուսկ կարտինալ Անճէլօ Սոտանոն, Կարդինալական դասի գահերէձը անուանած է յատուկ նուիրակ գլխաւորելու Ղազախիստանի Գարագանտայի աթոռանիստ եկեղեցւոյ օծման արարողութիւնը որ տեղի պիտի ունենայ կիրակի 9 սեպտեմբերին:

Նշենք որ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երկուշաբթի 3 սեպտեմբերի առաւօտեան Գասթել Կանտոլֆոյի Քահանայապետական պալատին մէջ ընդունեց Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս Կարդինալ Գարլօ Գաֆֆարան հուսկ ժամը 11.30 ունկնդրութիւն շնորհեց գոլոմպիայի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի անդամ ինը եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու Սուրբ Պետրոսի յաջորդին։








All the contents on this site are copyrighted ©.