Վատիկանի Տպագրատունը Համաձայնութիւն Կնքած է Apple -ի հետ։
Վատիկանի տպագրատունը համաձայնութիւն մը կնքած է Apple ընկերութեան հետ որ կը նպատակադրէ
աւելի մատջելի դարձնել Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի գրութիւնները էլեկտրոնային միջոցներով։
Apple-ի գործիքներու վրայ կարելի է թղթատել երկու հատորներ, որոնք կը ներփակեն Սրբազան
Քահանայապետի չորեքշաբթի օրերու ընդհանուր ունկնդրութեան խորհրդածութիւնները` ''աղօթող
մարդը'' եւ '' աղօթքը Նոր Կտակարանին մէջ''։