2012-09-04 13:08:21

Հրաժեշտ Մարոնիներու Նախկին Եպիսկոպոսին Եւ Ընդունելութիւն Նոր Առաջնորդին` Երուսաղէմի Մէջ։


Ուրբաթ Սեպտեմբեր 1­ի երեկոյեան ժամը 5­ին, Երուսաղէմի Նօթրը Տամ համալիրի բացօթեայ բակերէն մէկուն մէջ` տեղի ունեցաւ հրաժեշտի արարողութիւնը Երուսաղէմի Մարոնի համայնքապետին` Արհիապատիւ Պուլոս Սայահ եպիսկոպոսին, որ կանչուած էր Լիբանան, ստանձնելու իր նոր պաշտօնը, որպէս Ընդհանուր Փոխանորդ Մարոնիներու Պատրիարքութեան։
Բազմաթիւ բարձրաստիճան եկեղեցականներ, կրօնաւորներ ու կրօնաւորուհիներ, ինչպէս նաեւ պետական անձնաւորութիւններ ներկայ էին արարողութեան։ Խօսք առին կղերական եւ աշխարհական խօսնակներ, դրուատելու համար Գերպ. Սայահի 16-ամեայ գործունէութեան տուած բազմաթիւ արդիւնքները։ Հուսկ խօսք առաւ ինք` եպիսկոպոսը, շնորհակալութիւն յայտնելու համար բոլոր անոնց որոնք աջակցած էին իրեն այս շրջանին։
Հաւաքոյթը փակուեցաւ ճոխ քոքթեյլ­ով մը, ուր ներկաները յամեցան իրար հետ խօսակցելով եւ իրենց գնահատանքը տալով մեկնող Առաջնորդին։
Յաջորդ օրը`շաբաթ, դարձեալ երեկոյեան ժամը 5­ին, Երուսաղէմի Ճաֆա կոչուած դրան մօտ կը սպասէին հոգեւորականներն ու ժողովուրդը մարոնի նոր եպիսկոոպոսի գալստեան։ Տրուած ըլլալով որ ան Անտոնեան միաբան մըն էր, Պէյրութէն ժամանած էին Մարոնի Անտոնեան միաբանութեան Աբբահայրը, Հայր Դաւիթ Րըէյտի, որ նախապէս Հռոմի մէջ` մեծաւորն էր Անտոնեաններու Դպրեվանքին, որուն կ՛ընկերանային տասնեակ մը Հայրեր նոյն միաբանութենէն։ Նախկին Առաքելական Նուիրակն ալ` Գերպ. Անթոնիօ ֆրանքօ, եկած էր նորօծ եպիսկոպոսը ողջունելու։
Որոշեալ ժամուն` հասաւ նոր Առաջնորդը, Արհիապատիւ Մուսա ըլ­Հաժժ եպիսկոպոսը, եւ յետ ողջագուրուելու ներկայ հոգեւորականներուն հետ, թափօր կազմուեցաւ դէպի մարոնիներու առաջնորդարանը, ընկերակցութեամբ լատին Եկեղեցւոյ շեփորախումբի նուագած քայլերգներուն։
Առաջնորդարանի մատրան մէջ` տեղի ունեցաւ գաւազանի տուչութեան եւ Աթոռի յանձնումի արարողութիւնը,զոր կը նախագահէր Արհիապատի Սամիր Մազլում եպիսկոպոսը, որ կը ներկայացնէր Մարոնիներու Պատրիարքը` Գերերջանիկ Պըշարա Րա­ին։ Ապա խօսք առաւ նոր Առաջնորդը արաբերէն եւ ֆրանսերէն լեզուներով ու յայտնեց իր առաջադրանքը հետեւելու իր նախորդի գծած փայլուն ճանապարհին։ Ան արդէն որոշ չափով ծանօթ էր Երուսաղէմի կղերին, որովհետեւ երեք տարի ուսած է Երուսաղէմի ֆրանչիսկեան Սուրբ Գրային համալսարանին մէջ։
Նորօծը ծնած է Քորնէթ Շահուան, Լիբանան, 19 Փետրուար 1954­ին։ Ուսումին մէկ մասը ստացած է Հռոմ, եւ ձեռնադրուած է Վարդապետ Լիբանան, Սուրբ Եսայիի վանքը, 14 Օգոստոս 1980­ին։ Ժողովրդապետական յանձնառութիւններ ունեցած է Լիբանանի հարաւը, Մարժայուն, ինչպէս նաեւ Պէյրութի մօտ` Անթիլիասի եկեղեցւոյ մէջ. Եպիսկոպոս օծուած է 28 Յուլիս 2012­ին, Պէյրութ։
Յետ եկեղեցական արարողութեան, ներկաները հրաւիրուեցան Առաջնորդարանի ճաշարանը, ճաշակելու Քոյրերու պատրաստած համեղ համադամները, մինչ արտաքին բակին մէջ` տակաւին կը թնդային շեփորախումբի ուրախ եղանակները։








All the contents on this site are copyrighted ©.