2012-09-04 12:29:29

Հայաստանի Ազգային Ժողովի ԱՐՏԱԿԱՐԳ ՆԻՍՏ-ը՝ Ռամիլ Սաֆարովի Արտայանձնման Հարցին Շուրջ.


Հայաստանի Ազգային Ժողովը արտակարգ նստաշրջանի կը հրաւիրէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու հարցին շուրջ ստեղծուած իրավիճակը քննարկելու նպատակով: Նիստը պիտի գումարուի վաղը:
Արտակարգ նիստի արդիւնքներուն համաձայն, խորհրդարանը պիտի հրապարակէ իր միասնական դիրքորոշումը իրավիճակին եւ հետագայ հոլովոյթներու առնչութեամբ:

Մինչ այդ լոյս տեսաւ Մինսքի Խմբակի Համանախագահներուն Յայտարարութիւնը.

Երէկ Փարիզի մէջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները եւ ԵԱՀԿ-ի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփրչիք հանդիպում ունեցան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ` քննարկելու շրջանին մէջ տեղի ունեցած վերջին իրադարձութիւնները:
Համանախագահները տարածած են յայտարարութիւն մը, որուն համաձայն, նախարարներուն հետ քննարկած են Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ հայազգի սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստը:
Համանախագահները իրենց խորին անհանգստութիւնն ու ափսոսանքը յայտնած են այդ առնչութեամբ` նշելով, որ Սաֆարովին ներման շնորհումը բացասաբար պիտի անդրադառնայ 2 կողմերու միջեւ խաղաղութեան ամրապնդման ուղղուած հոլովոյթի եւ փոխադարձ վստահութեան մթնոլորտի հաստատման վրայ:

Ռուսիա Խստիւ Կը Քննադատէ Հունգարիան Եւ Ազրպէյճանը.
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ալեքսանտր Լուքաշեւիչ Հունգարիոյ կողմէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազէրպէյճանի յանձնելու եւ Պաքուի մէջ անոր ներում շնորհելու վերաբերեալ հաղորդագրութիւն հրապարակած է:
«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հարցին մէջ միջնորդ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ հանդիսացող Ռուսիան խորապէս մտահոգուած է Պաքուի կողմէ ազրպէյճանցի զինուոր Ռամիլ Սաֆարովին ներում շնորհելու փաստով, մանաւանդ որ ան հունգարական դատարանին կողմէ դատապարտուած էր ցմահ բանտարկութեան` հայազգի սպան իւրայատուկ դաժանութեամբ սպաննելու համար:
«Կը կարծենք, որ Ազրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Հունգարիոյ իշխանութիւններուն գործողութիւնները կը հակասեն շրջանին մէջ լարուածութեան նուազեցման ուղղուած միջազգային ջանքերուն` նախ եւ առաջ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ջանքերուն:
«Կ՛ակնկալենք, որ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակը մօտ ժամանակաշրջանի մը ընթացքին իրավիճակին համապատասխան գնահատական տայ», ըսուած է յայտարարութեան մէջ:

Միւս կողմէ Հունգարիոյ կառավարութիւնը հերքած է այն տեղեկութիւնները, թէ Ռամիլ Սաֆարովը Ազրպէյճանին արտայանձնելու համար Պաքուի եւ Պուտափեշտի միջեւ տնտեսական համագործակցութեան համաձայնութիւն գոյացած է:
Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը Ազրպէյճանի դեսպանին յանձնած է դիւանագիտական նոթ մը, որուն մէջ Հունգարիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր անհանգստութիւնը կը յայտնէ այն հարցին նկատմամբ, որ Սաֆարով իր պատիժը պիտի չկրէ։

Նիքոլայ ՊՈՐՏԻՒԺԱ. «Սաֆարովի Հարցին Մէջ Ազրպէյճանի Քայլը Չունի Արդարացում» Կ՝ըսէ ։
Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագրի կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղար Նիքոլայ Պորտիւժա, մեկնաբանելով հայ սպայ Գուրգէն Մարգարեանը կացինահարած եւ Հունգարիոյ կողմէ Ազրպէյճանին արտայանձնուած մարդասպան Ռամիլ Սաֆարովին Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ ներում շնորհուելուն շուրջ ստեղծուած կացութիւնը, կը յայտնէ, որ մարդասպանին ներում շնորհելու եւ պատասխանատուութենէն ազատելու մասին որոշումը կը հակասէ միջազգային իրաւունքի արժեչափերուն, կասկածի տակ կը դնէ յանցաւորութեան հակազդման միջպետական համակարգի գործունակութիւնը:
«Այս քայլը, որ յստակ է, որ կատարուած է ի շահ որոշակի քաղաքական նպատակներու, չի կրնար որեւէ ձեւով արդարացուիլ», կ՛ըսուի կազմակերպութեան պաշտօնական կայքէջին վրայ տեղադրուած հաղորդագրութեան մէջ:
«Աւելի՛ն, յանցագործի հերոսացումը պիտի նպաստէ առանց այդ ալ շրջանի լարուածութեան յաւելումին: Վստահ եմ, որ միջազգային ընտանիքը պիտի չուշանայ կատարուածին առարկայական գնահատական տալու հարցին մէջ»( ըսած է Հաւաքական Անվտանգութեան Պայմանագիրի Կազմակերպութեան Ընդհանուր Քարտուղարը) :








All the contents on this site are copyrighted ©.