2012-09-04 12:12:33

Կ.Պոլսոյ Տիեզերական Պատրիարքի Պատգամը Արարչագործութեան Օրուան Առթիւ։


Կ.Պոլսոյ տիեզերական պատրիարք` Բարդողոմիոս Ա. մէկ սեպտեմբերին հրապարակեց իր պատգամը արարչագործութեան պահպանումի նիւթին մասին, որ կը զուգադիպի Իտալիոյ եկեղեցւոյ արարչագործութեան պահպանումի օրուան հետ։ Պատրիարքը իր թուղթին մէջ կը գրէ արարչագործութեան պահպանումի օրը պէտք է խթանէ քրիստոնեաները աղօթելու որպէսզի աշխարհի հզօրները բարեփոխեն իրենց մտայնութիւնը ու չքանդեն բնութեան բնական ընթացքը յանուն անմիջական ու վաղանցուկ շահերու։ Կ. Պոլսոյ պատրիարքը զղջումի կը հրաւիրէ մարդիկը եւ անոնցմէ կը խնդրէ որ բարեփոխեն իրենց ընթացքը։ Յայտնենք որ Բարդողոմիոս Ա. Պատրիարքը ճանչցուած է որպէս ''կանանչ պատրիարք'' բնութեան պահպանումին տածած իր աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.