2012-09-04 12:12:12

Կաթողիկէ Աշխարհականներու Բ Համա - Ափրիկեան Գիտաժողովը։


Աշխարհականներու Քահանայապետական Խորհուրդի նախաձեռնութեամբ 4-9 սեպտեմբեր 2012 Գամէրունի Եաունտէ Քաղաքի մէջ տեղի կ՛ունենայ կաթողիկէ աշխարհականներու Բ համաափրիկեան Գիտաժողովը որ ունի որպէս նիւթ <<Ըլլալ Յիսուսի վկաները։ Քրիստոսը Ափրիկէի մէջ այսօր։ Աշխարհի աղը եւ երկրի լոյսը>>։ Ափրիկէի ընտրութիւնը ներշնջուած է Սրբազան Քահանայապետի Գամէրուն (2009) եւ Պէնին (2011) կատարած հովուական այցելութիւններէն։ Կաթողիկէ համալսարանի մէջ գումարուած այս Գիտաժողովը ապացոյցն է Աշխահականներու Քահանայապետական Խորհուրդի յանձնառումին գործելու տեղական եկեղեցիներու հետ միասին։
Գիտաժողովին կէտնպատակներէն մին է օգնել ու քաջալերել աշխարհականները դառնալու կաթողիկէ եկեղեցւոյ անդամ ու վկայելու Յիսուս Քրիստոսի իրենց հաւատքը այսօրուայ ափրիկէի մէջ։ Գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 300 անդամներ որոնց շարքին 5 կարդինալներ, եպիսկոպոսսներ եւ քահանաներ ժամանած Ափրիկէի զանազան շրջաններէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.