2012-09-04 12:36:39

«Սուրիոյ Տագնապին Վերջ Տալու Դիւանագիտական Ջանքերը Գրեթէ Անկարելի Են» (Կ՛ըսէ Լախտար Իպրահիմի) ։


ՄԱԿ-ի եւ Արաբական Լիկայի Սուրիոյ հարցով յատուկ պատուիրակ Լախտար Իպրահիմի «Պի.Պի.Սի.» ձայնասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնեց, որ Սուրիոյ տագնապին վերջ տալու դիւանագիտական ջանքերը «գրեթէ անկարելի» են, իսկ ներկայիս թափուող ջանքերը բաւարար չեն բախումները դադրեցնելու համար:
Ան ըսած է , որ ինք կը գիտակցի «կացութեան դժուարութեան եւ թէ իր առաքելութիւնը գրեթէ անկարելի է», սակայն աւելցուցած, որ «չենք կրնար ըսել, որ անկարելի է, այլ գրեթէ անկարելի»` նշելով, որ «թափուած ջանքերը բաւարար չեն, եւ ասիկա ինքնին մեծ բեռ է»:
Ըստ իր գնահատումին, միջազգային ընտանիքը սուրիական հարցին մէջ միասնական որոշումի հասնելէն հեռու է, իսկ Սուրիոյ իշխանութիւնները անզիջող դիրքորոշում որդեգրած են:
«Շարք Աուսաթ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Արաբական Լիկայի ընդհանուր քարտուղար Նեպիլ Արապի շաբաթ օր Իպրահիմիի հետ հանդիպում պիտի ունենայ` քննարկելու համար այն որոշումները, որոնք պիտի որդեգրուին արաբ արտաքին գործոց նախարարներու չորեքշաբթի եւ հինգշաբթի օր նախատեսուած ժողովին ընթացքին: Իպրահիմի իր կարգին Նեպիլ Արապիին պիտի ներկայացնէ Նիւ Եորքի մէջ իր կատարած հանդիպումներուն արդիւնքները, ինչպէս նաեւ իր առաքելութեան առաջին նպատակին` զինադադարի հաստատման համար միջազգային աջակցութիւն ստանալու կարեւորութիւնը:

Միւս կողմէ, Սուրիոյ տեղեկատուութեան նախարար Օմար Զողպի երէկ Սուրիոյ մէջ արձանագրուած լրատուամիջոցներու ներկայացուցիչներուն եւ լրագրողներուն հետ բաց զրոյցի մը ընթացքին շարք մը կեցուածքներ արտայայտեց:

Նախարարը յայտնեց, որ Իպրահիմիի առաքելութեան յաջողութիւնը կախեալ է Աննանի ծրագիրին նկատմամբ Քաթարի, Սէուտական Արաբիոյ եւ Թուրքիոյ յանձնառութենէն` նշելով, որ իր երկիրը կարելին պիտի ընէ Իպրահիմիի առաքելութեան յաջողութեան համար: Ան յայտարարեց, որ «բանակին կողմէ ամբողջ Սուրիոյ մէջ կայունութեան եւ ապահովութեան հաստատումէն առաջ երկխօսութիւն չկայ»:
Խօսելով սուրիական ընդդիմութեան մասին` ան յայտնեց, որ «ազգային ընդդիմութիւնը այն է, որ զէնք բարձրացնելը չ՛արդարացներ»` աւելցնելով, որ «ան, որ իսրայէլացիներուն հետ կապ կը հաստատէ, դաւաճան է եւ ան, որ Թուրքիոյ օդակայանին մէջ իսրայէլեան զէնք կը ստանայ, ազգային ընդդիմութիւն չի կրնար նկատուիլ»:








All the contents on this site are copyrighted ©.