2012-09-04 13:03:06

Telelumière-ի Հարցազրոյցը՝ Ամենապատիւ Եւ Գերերջանիկ Տ Տ Ներսէս Պետրոս ԺԹ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Հետ։


Պատասխանելով Լիբանանի Telelumière-ի խմբագիր՝ տիկին Լիա Մաամարիի հարցումներուն, հայող՝ հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ու հայ ժողովուրդին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր զրոյցին մէջ նախ խօսեցաւ Վատիկանի՝ ՜՜ Ս. Աթոռի եւ հայ ժողովուրդի՝՝ սերտ կապին մասին, յիշելով հայ կաթողիկոսներուն անունները որոնք հինէն ի վեր ստացած են ՜՜Պալիումը՝՝ Սրբազան Քահանայապետներէն. ինչպէս՝ Գրիգոր Ապիրատ, Յովհաննէս Զ Սիսեցի , Կոստանդին Ա Բարձրաբերդցի կաթողիկոսները. խօսեցաւ նաեւ Հռոմի Լեւոնեան Ք. վարժարանին մասին ուր քահանայութեան կը պատրաստուին հայ կաթողիկէ ժառանգաւորները։
Ապա խօսեցաւ Հայոց Լուսաւորչին արձանին մասին որ 2005-ին զետեղուեցաւ Ս Պետրոս պազիլիքայի ներքնաբակը, Հայ ժողովուրդի քրիստոնէացման 1700-ամեակին առթիւ։ Յիշեց Հայ նահատակները որոնք խորաններուն պատւոյն բարձրացան, ինչպէս Երանելի Կոմիտաս Քէօմիւրճեան եւ երանելի Իգնատիոս Մալոյեանը, աւելցնելով թէ՝ աշխատանքներ կը կատարուին որպէսզի երանելիներուն կարգին դասուին բոլոր հայ եկեղեցւոյ գործիչները՝ (կրօնաւոր թէ կրօնաւորուհի) որոնք նահատակուեցան ըլլայ ՜՜Մեծ Եղեռնի՝՝ ընթացքին եւ ըլլայ ՜՜Խորհրդային Միութեան՝՝ վարչակարգի կողմէ ։
Հայ կաթողիկէ եկեղեցին, ըսաւ ամենապատիւ հոգեւոր տէրը, հանգամանօրէն կը մասնակցի Ս Աթոռի զանազան խորհուրդներու մէջ, յատկապէս գործօն էր Հայ կաթողիկէ նուիրապետութեան մասնակցութիւնը՝ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսներու Սիւնոդոսին, որ տեղի ունեցաւ Վատիկանի մէջ 2010-ին։
Հայ կաթողիկէ համայնքը եղբայրական բարի յարաբերութիւններ ունի քոյր եկեղեցիներու հետ, նաեւ էապէս կը մասնակցի զանազան գործունէութիւններուն հայող յատկապէս Հայ Դատի ու Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչումին համար, Ցեղասպանութեան 100-ամեակի ընդառաջ, հայ լեզուի ու մշակոյթի պահպանութեան ի խնդիր, ինչպէս նաեւ Մայր Հայրենիքի բարգաւաճման ու բարօրութեան ի սպաս։
Խօսեցաւ նաեւ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ ներկայութեան ու առաքելութեան մասին աշխարհի չորս կողմերը հաւատքի տարածումի ու այլ մարզերուն մէջ կրթական, դաստիարկչական, բարեսիրական եւայլն...
Գալով Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետին յետ Սիւնոդոսի առաքելական յորդորագիրին, Ամենապատիւ հոգեւոր Տէրը յայտնեց թէ՝ պիտի տարածուին ու գործադրուին համայնքի եկեղեցականներուն ու հաւատացեալներու կողմէ...
Հուսկ՝ խօսեցաւ Սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան մասին ՜՜ պատրաստութիւնները եւ ակնկալիքները...՝՝։
Իր այս այցելութեամբ, ըսաւ Ամենապատիւ Ներսէս Պետրոս ԺԹ պատրիարքը, Սրբազան քահանայապետը Յոյս եւ խաղաղութիւն պիտի բերէ ոչ միայն Լիբանանի այլեւ բոլոր Միջին Արեւելքի ժողովուրդներուն...։
Ի Դէպ, Ռատիովատիկանի հետ ունեցած զրոյցին ընթացքին, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց հայրապետ Ներսէս Պետրոս ԺԹ. կաթողիկոս պատրիարքը հաստատեց .«ամէն օր աղօթարար կը սպասենք սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան, որ խաղաղութեան պտուղներ ու փոխադարձ ներում պիտի յարուցանէ եւ համագործակցութիւն պիտի յառաջացնէ միացնելու համար լիբանանցիները եւ միջին արեւելքի համայն ժողովուրդները։ Առաքելական այս այցելութիւնը Լիբանանի համար չէ միայն, այլ բոլոր Միջին Արեւելքին» աւելցուց ան։
Արդարեւ յառաջիկայ 14-16 սեպտեմբերին, սրբազան Քահանայապետին Լիբանան կատարելիք այցելութեան ընթացքին, Բենեդիկտոս ԺԶ. Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու եպիսկոպոսներուն պիտի յանձնէ Միջին Արեւելքի եպիսկոպոսաց յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրը «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ»։
Այցելութիւնը, որ տեղի կ'ունենայ երկրի հանրապետութեան նախագահին հրաւէրով, յոյժ կարեւոր է Միջին Արեւելքի մէջ ապրող համայն բնակիչներուն եւ կը շահագրգռէ Լիբանանի բոլոր համայնքները, ըլլան անոնք քրիստոնեայ թէ մահմետական։
Քահանայապետական միջեկեղեցական երկխօսութեան խորհուրդի նախագահ` կարդինալ Ժան Լուի Թոռան իր կարգին հաստատած է թէ Բենեդիկտոս ԺԶ.-ի Լիբանան այցելութեան պատրաստութիւնները օրինաւոր կերպով կը շարունակուին:








All the contents on this site are copyrighted ©.